National Geographic ամսագիրը ներկայացուցած է աշխարհի վեց անսպասելի քաղաքները, ուր կարելի է համեղ սնուիլ։ Ասիական երկիրներէն այդ ցանկին մէջ յայտնուած է Երեւանը։
National Geographic-ի լրագրողը Նէնսի Գափթոն Երեւան այցելած է շարք մը ճաշարաններ եւ սրճարաններ։ Ան Հայաստանի մայրաքաղաքը ներկայացուցած է որպէս ծաղկող քաղաք՝ մատնանշելով բնական գեղեցկութիւնը, մշակոյթը եւ արագ զարգացող զբօսաշրջութիւնը:
«Նախաճաշը կարելի է սկսիլ Երեւանեան գեղեցիկ սրճարաններէն մէկուն մէջ: Կարող էք վերցնել ձեր հետ Երեւանի ուղեցոյց կամ որոշ բուկլետներ՝ ճանապարհին ճիշդ կողմնորոշուելու համար»,- գրած է National Geographic-ը, շարունակելով. «Օրը կարող էք եզրափակել երեւանեան ռեստորաններէն մէկուն մէջ համեղ ընթրելով։ Այստեղ կան հայկական աւանդական ուտեստներ մատուցող գեղեցիկ ռեստորաններ, ուր կարելի է շատ համեղ սնուիլ։
Երեւանէն բացի ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ այլ քաղաքներ՝ Պուտափեստ (Հունգարիա), Տիթրոյթ (ԱՄՆ), Սանտյագոն (Չիլի), Տաքար (Սենեկալ) եւ Վիլինկթոն (Նիւ Զիլանտ)։