Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մահացած Է Երաժշտահան Արթուր Գրիգորեանը

Մահացած Է Երաժշտահան Արթուր Գրիգորեանը

by MassisPost

64 տարեկան հասակին մահացած է սիրուած երգիչ, երաժշտահան, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Արթուր Գրիգորեանը: Ան երկար ժամանակէ բուժում կը ստանար ծանր հիւանդութեան դէմ, սակայն, ցաւօք սրտի, չկրցաւ զայն յաղթահարել:

Արթուր Գրիգորեանը վերջին շրջանին անկախ Հայաստանի նոր սերունդին մաղթած էր սիրել հայրենիքը ոչ թէ բառերով, այլ՝ գործով: «Ամէն ձեռքբերում չէ որ խնայւում է: Անկախութիւնը թանկ հաճոյք է, ամէն րոպէ պիտի դրա վրայ աշխատել` նոյն ձեւ, ինչպէս սէրն է, ընտանիքն է, ընկերութիւնն ու մնայուն թանկ արժէքները: Անկախութիւնը թանկ բան է, եթէ մի օր էլ չմտածես դրա մասին, կը փախչի քեզնից «անկախ» հասկացութիւնը», ըսած էր մայեսթրօն:

Արթուր Գրիգորեանը նախաձեռնած էր եւ կը ղեկավարէր Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի էսթրատային բաժինը: Հայաստանի երգի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն էր: Հեղինակած է բազմաթիւ երգեր, մանկական միւզիքլներ, մեծ միջոցառումներ, փառատօներ, թեմատիկ եւ էսթրատային համերգներ:

Բազմաթիւ նախագիծերու հեղինակ է` «Այո», «777», «Ասուպ», «Ընծայ» մրցանակաբաշխութիւնները, «Հէնց Այսպէս», «Տես» հեռուստահաղորդումները, «Կանաչ Գօտի», «Արցախի Ձայներ», Հայաստանի «Զաքեան» ֆոնտի հովանաւորչական ամէնամեայ հեղինակ-կատարողներու մրցանակաբաշխութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment