Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զախարովան Լաչինի Միջանցքին Այլընտրանքային Ճանապարհի Կառուցման Մասին Տեղեկատուութիւն Դեռ Չունի

Զախարովան Լաչինի Միջանցքին Այլընտրանքային Ճանապարհի Կառուցման Մասին Տեղեկատուութիւն Դեռ Չունի

by MassisPost

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային ճանապարհի կառուցման մասին տեղեկատուութիւն դեռ չունի:

Զախարովան այս մասին ըսած է՝ անդրադառնալով այն դիտարկման, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած է կամուրջի շինարարութեան լուսանկար, որ, ըստ հրապարակումներուն, պիտի դառնայ Լաչինի միջանցքին որպէս այլընտրանքային ճանապարհի հատուած: Զախարովայէն հետաքրքրուեցան, թէ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանե՞ն պնդումները, որ շինարարութիւնը նախաձեռնած է ռուսական կողմը:

«Այս պահուն այդ հարցին վերաբերեալ ես տեղեկատուութիւն չունիմ: Տեսայ հաղորդագրութիւնը, մենք այդ թեման հսկողութեան տակ պիտի պահենք: Երբ ըլլան տուեալներ, ես կը յայտնեմ անոնց մասին: Բայց, այս պահուն չկան», ըսած է  Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment