Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Անգարայի Մէջ Բազմամարդ Ցոյցեր Տեղի Կ’ունենան Իշխանութիւններու Հրաժարականի Պահանջով

Անգարայի Մէջ Բազմամարդ Ցոյցեր Տեղի Կ’ունենան Իշխանութիւններու Հրաժարականի Պահանջով

by MassisPost

Հազարաւոր մարդիկ Անգարայի մէջ փողոց իջած են՝ թրքական արժոյթի կտրուկ անկման եւ գիներու շարունակական բարձրացման դէմ։ Ցուցարարները անցած են մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածներով՝ պահանջելով Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հրաժարականը։

Լիրան անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին արժեզրկուած է աւելի քան տասը տոկոսով եւ հասած մրցանշային ցած ցուցանիշի՝ Ռէճէպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններէն յետոյ։ Երկրի ղեկավարը կրկին աջակցութիւն յայտնած էր Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութեան ու պնդած, թէ կը յաղթէ պատերազմին, որ կը մղուի յանուն «տնտեսական անկախութեան»։

«Մենք կը տեսնենք, որ որոշ ուժեր կը խաղան արժոյթի, վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքի ու գնաճին հետ», – կառավարութեան նիստէն յետոյ յայտարարած էր Էրտողան։

Թէ որու մասին է խօսքը, Էրտողանը չէր յստակացուցած, բայց պնդած էր, որ կառավարութիւնը պատրաստ է կամքի ուժը ցոյց տալ եւ «սեփական խաղը խաղալ»։

Ընդդիմախօսներն ու անկախ փորձագէտները, սակայն, Էրտողանի լաւատեսութիւնը չեն կիսեր:

Կեդրոնական դրամատան նախկին ղեկավար՝ Սեմիթ Թումենը, զոր նախագահ Էրտողանը աշխատանքէն ազատած էր անցեալ ամիս, կոչ ըրած է անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ թրքական արժոյթը ամրապնդելու համար։

Ընդդիմախօսները, մասնաւորապէս, պնդած են, որ Էրտողանը ճնշում կը գործադրէ Կեդրոնական դրամատան վրայ՝ վերաֆինանսաւորման տոկոսադրոյքները իջեցնելու համար․ Էրտողանի հաշուարկներով, այդ պէտք է կայունացնէ սրընթաց գնաճը, նպաստէ ներդրումներուն ու խթանէ նոր աշխատատեղերու ստեղծումը։ Սակայն, վիճակագրութիւնը հակառակ պատկեր առայժմ կ’արձանագրէ։

Գիներու կտրուկ աճի եւ լիրայի մրցանշային անկման ֆոնին՝ անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը հարց բարձրացուցած էր արտահերթ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու մասին։

«Ներկայիս իշխանութիւնը ի զօրու չէ յաղթահարելու տնտեսական խնդիրները», – յայտարարած էր Ժողովրդական-հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։

Էրտողան, սակայն, կտրականապէս բացառած է արտահերթի երթալու հնարաւորութիւնը։ «Անոնք կը կատարուին ըստ հաստատուած ժամանակացոյցին՝ 2023-ին, եւ մենք կրկին կը յաղթենք», – ըսած է Թուրքիոյ 67-ամեայ ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment