20 Սեպտեմբեր 2021, Երկուշաբթի օր Փասատենա քաղաքի Պլեր վարժարանի նորաբաց Հայկական Ճեմարանը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 30ամեակը:
Աշակերտական հոգեշնչող յայտագիրը սկսաւ երկու սկաուտներ՝ Ճուլիըն Շահոյեանի եւ Յակոբ Ճապուրեանի կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ: Երբ հայկական եռագոյնը հանդիսապէս մտաւ սրահ՝ միաբերան կատարուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգը:
Ապա սկսաւ յայտագիրը, որուն հանդիսավարն էր Ճերմարանի գաղութային յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Թալին Նազարեանը: Բացման իր խօսքի մէջ Ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան՝ յայտագրի իրականացման համար իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ խանդավառ ներկայութեան համար:
Ապա բեմ եկան ու Հայաստանի Հանրապետութեան պատմականը ներկայացուցին աւարտական դասարանի աշակերտուհի Այրին Ֆրիասը եւ 11րդ դասարանի աշակերտուհի Սօֆի Եուսէֆեանը: Անոնց խօսքի մէջ ուշագրաւ էին «Իմաստուն նորածին», «Նորատունկ ծառ» եւ «Դիւրաբեկ անկախութիւն» արտայայտութիւնները:
Աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Սոնիա Տարագճեանը եւ Աթինա Պաղտասարեանը փափաքեր էին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով հանդէս գալ: Անոնք հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» եւ «Աղօթք» քերթուածները արտասանեցին բացատրական նախաբաններով: 11րդ դասարանի աշակերտուհի Լուսին Էքիզեանը այս առիթով պատրաստած էր մէկ այլ արտասանութիւն, այլաբանական ժամանակակակից քերթուած մը՝ «Այս Ծառը Սուրբ», որուն հեղինակն է պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: Իսկ դպրոցի կրտսեր աշակերտները, 6-8 դասարանցիներ, իրենց ուսուցչուհին Լինտա Գանտիլեանի առաջնորդութեամբ պատրաստեր էին խմբային մէկ արտասանութիւն՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» յայտնի եւ դպրոցականներու կողմէ շատ սիրուած քերթուածը:
Ապա բուռն ծափահարութիւններով բեմ եկաւ Ճեմարանի նորաստեղծ պարախումբը: (Պարուսուցներ՝ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրեր) Անոնք ներկայացուցին Արա Գեւորգեանի երաժշտութեան հետ հիւսուած «Անկախութեան պարը», որմէ յետոյ վարժարանի բոլոր աշակերտները բեմ եկան միասնական շուրջպարի համար: Յայտագիրը աւարտեցաւ Հայ Աշակերտի Ուխտով եւ Տէրունական Աղօթքով:
Պլեր վարժարանի Հայկական Ճեմարանը (Blair High School Armenian Academy) Փասատենա կրթական շրջանակի պատկանող դպրոց է: Ան բաց է շրջակայ բոլոր քաղաքներու հայորդիներու համար: Ճեմարանի նպատակն է 6-12րդ կարգերու աշակերտներուն անվճար հայեցի դաստիարակութիւն տալ: Հայերէնի դասերը ամէն օր են եւ բոլորը ունին Քալիֆորնիոյ Համալսարաններու վարկաւորում (UC accreditation): Ճեմարանը ունի նաեւ հայկական պարի դասարան եւ հայկական երգչախումբ: Դիմում կատարելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել՝ www.ArmenianAcademy.org