Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զանգեզուրի Պղինձամոլիպտենային Ընկերութեան Բաժնետոմսերու 25 Տոկոսը Անցաւ ՀՀ Կառավարութեան

Զանգեզուրի Պղինձամոլիպտենային Ընկերութեան Բաժնետոմսերու 25 Տոկոսը Անցաւ ՀՀ Կառավարութեան

by MassisPost

Կառավարութեան գրաւոր քուէարկութեան հարցերու բաժնին մէջ տեղադրուած է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկրութեան բաժնետոմսերու 25 տոկոսը ՀՀ կառավարութեան նուիրատուութիւն ընելու նախագիծը։

Կառավարութեան որոշման մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

Թէ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգրքի 594-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսեր նուիրելու առաջարկութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշած է.

«Որպէս նուիրատուութիւն Հայաստանի Հանրապետութեանը «Արդիւնաբերական ընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութիւնից ընդունել «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնում վերջինիս սեփականութեան իրաւունքով պատկանող 25 տոկոս (քսանհինգ տոկոս) 412,250.75 (չորս հարիւր տասներկու հազար երկու հարիւր յիսուն ամբողջ եօթանասունհինգ) հատ հասարակ (սովորական) բաժնետոմսերը՝ 20,000 (քսան հազար) դրամ անուանական արժէքով բաժնետոմսերը՝ բաժնետոմսերի կառավարման լիազօրութիւնը վերապահելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին»:

Ըստ News.am-ին, «Արդիւնաբերական ընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութիւնը գրանցուած է Մոսկուա եւ ըստ ռուսական որոշ բաց աղբիւրներու,  բաժնետէրը Սերկէյ Շերպաքովն է։ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենայինի իրական սեփականատէրերու արձանագրութեան մատեանին մէջ այս նորայայտ ընկերութեան մասին ոչինչ նշուած է։

Յիշեցնենք, որ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան բաժնետոմսերու 75  տոկոսը կը պատկանէր ընկերութեան, մնացած 12,4 տոկոսի սեփականատէրը Ռուսաստանի առողջապահութեան ու ընկերային զարգացման հարցերու նախկին նախարար՝ Միխայիլ Զուրապովն էր, իսկ 12,5 տոկոսի բաժնետէրերն էին  Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Հայաստան» դաշինքի» պատգամաւոր՝ Վահէ Յակոբեանի եղբայրը, ընկերութեան նախկին տնօրէն՝ Մհեր Փոլոսքովը ու ընկերութեան ղեկավարներէն՝ Նարեկ Ամբարեանը։

Կառավարութիւնը բացի 25 տոկոս բաժնետոմսերը որպէս սեփականութիւն ընդունելէն, այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենայինի կայքին վրայ եւս բաժնետոմսերու առքուվաճառքի մասին տեղեկութիւններ չկան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment