Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատենաի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 30ամեակը

Փասատենաի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 30ամեակը

by MassisPost

20 Սեպտեմբեր 2021, Երկուշաբթի օր Փասատենա քաղաքի Պլեր վարժարանի նորաբաց Հայկական Ճեմարանը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 30ամեակը:

Աշակերտական հոգեշնչող յայտագիրը սկսաւ երկու սկաուտներ՝ Ճուլիըն Շահոյեանի եւ Յակոբ Ճապուրեանի կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ: Երբ հայկական եռագոյնը հանդիսապէս մտաւ սրահ՝ միաբերան կատարուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգը:

Ապա սկսաւ յայտագիրը, որուն հանդիսավարն էր Ճերմարանի գաղութային յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Թալին Նազարեանը: Բացման իր խօսքի մէջ Ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան՝ յայտագրի իրականացման համար իրենց ցուցաբերած աջակցութեան եւ խանդավառ ներկայութեան համար:

Ապա բեմ եկան ու Հայաստանի Հանրապետութեան պատմականը ներկայացուցին աւարտական դասարանի աշակերտուհի Այրին Ֆրիասը եւ 11րդ դասարանի աշակերտուհի Սօֆի Եուսէֆեանը: Անոնց խօսքի մէջ ուշագրաւ էին «Իմաստուն նորածին», «Նորատունկ ծառ» եւ «Դիւրաբեկ անկախութիւն» արտայայտութիւնները:

Աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Սոնիա Տարագճեանը եւ Աթինա Պաղտասարեանը փափաքեր էին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով հանդէս գալ: Անոնք հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» եւ «Աղօթք» քերթուածները արտասանեցին բացատրական նախաբաններով: 11րդ դասարանի աշակերտուհի Լուսին Էքիզեանը այս առիթով պատրաստած էր մէկ այլ արտասանութիւն, այլաբանական ժամանակակակից քերթուած մը՝ «Այս Ծառը Սուրբ», որուն հեղինակն է պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: Իսկ դպրոցի կրտսեր աշակերտները, 6-8 դասարանցիներ, իրենց ուսուցչուհին Լինտա Գանտիլեանի առաջնորդութեամբ պատրաստեր էին խմբային մէկ արտասանութիւն՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» յայտնի եւ դպրոցականներու կողմէ շատ սիրուած քերթուածը:

Ապա բուռն ծափահարութիւններով բեմ եկաւ Ճեմարանի նորաստեղծ պարախումբը: (Պարուսուցներ՝ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրեր) Անոնք ներկայացուցին Արա Գեւորգեանի երաժշտութեան հետ հիւսուած «Անկախութեան պարը», որմէ յետոյ վարժարանի բոլոր աշակերտները բեմ եկան միասնական շուրջպարի համար: Յայտագիրը աւարտեցաւ Հայ Աշակերտի Ուխտով եւ Տէրունական Աղօթքով:

Պլեր վարժարանի Հայկական Ճեմարանը  (Blair High School Armenian Academy) Փասատենա կրթական շրջանակի պատկանող դպրոց է: Ան բաց է շրջակայ բոլոր քաղաքներու հայորդիներու համար: Ճեմարանի նպատակն է 6-12րդ կարգերու աշակերտներուն անվճար հայեցի դաստիարակութիւն տալ: Հայերէնի դասերը ամէն օր են եւ բոլորը ունին Քալիֆորնիոյ Համալսարաններու վարկաւորում (UC accreditation): Ճեմարանը ունի նաեւ հայկական պարի դասարան եւ հայկական երգչախումբ: Դիմում կատարելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել՝ www.ArmenianAcademy.org

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment