Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՄ-ի Երկիրները Պէտք Է Դիտարկեն Թուրքիոյ Դէմ Առաւել Կոշտ Միջոցներ Ձեռնարկելու Հարցը, Ընդգծած Է Շառլ Միշելը

ԵՄ-ի Երկիրները Պէտք Է Դիտարկեն Թուրքիոյ Դէմ Առաւել Կոշտ Միջոցներ Ձեռնարկելու Հարցը, Ընդգծած Է Շառլ Միշելը

by MassisPost

Եւրոպական միութեան անդամ երկիրները պէտք է դիտարկեն Թուրքիոյ դէմ առաւել կոշտ միջոցներ ձեռնարկելու հարցը, յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար՝ Շառլ Միշելը, փաստելով, որ Անգարան մինչ օրս չէ հարթած տարաձայնութիւնները Յունաստանին հետ։

«Մուկն ու կատուի այս խաղը պէտք է աւարտի», – ըսած է Եւրոպական միութեան գործադիր մարմնի ղեկավարը՝ անդրադառնալով Յունաստանին պատկանող ջրերուն մէջ հետախուզական աշխատանքներ իրականացնելու՝ Թուրքիոյ շարունակական փորձերուն։

«Մենք այս հարցը կը քննարկենք Դեկտեմբեր 10-ի գագաթնաժողովին, եւ մենք պատրաստ ենք գործի դնել մեր ունեցած բոլոր լծակները», – ըսած է ԵՄ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեան, չբացառելով, որ Միութիւնը կարող է նաեւ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment