Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Մերժեց Նաեւ Ազգային Ժողովի Որոշումը Ղարաբաղի Վերաբերեալ

Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Մերժեց Նաեւ Ազգային Ժողովի Որոշումը Ղարաբաղի Վերաբերեալ

by MassisPost

Ֆրանսայի կառավարութիւնը մերժեց նաեւ խորհրդարանի ստորին պալատի՝ Ազգային ժողովի ընդունած որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը հրատապ ճանաչելու անհրաժեշտութեան մասին։ Բանաձեւին մէջ նաեւ կ’արձանագրուին Ատրպէյճանի կողմէն ռազմական ճանապարհով խաղաղութեան գործընթացը ձախողեցնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձականներու տեղակայման փաստերը, կը տեղեկացնէ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը։

Աւելի վաղ Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու անհրաժեշտութեան մասին նոյնանման բանաձեւ ընդունուած էր նաեւ խորհրդանի վերին պալատի՝ Ծերակուտականին կողմէ։ Երկու պարագային ալ որոշումները պարտադիր ուժ չունին, խորհրդատուական կերպով կառավարութեան կոչ կ’ընեն ճանաչելու Ղարաբաղի անկախութիւնը, երկու պարագային ալ կառավարութիւնը մերժեց խորհրդարանի կոչերը։

Ազգային ժողովի որոշման կողմ քուէարկած են 188 պատգամաւոր, դէմ՝ 3-ը, ձեռնապահ՝ 16-ը։ Նիստին մասնակցած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանը։ Ան իր ելոյթով ըսած է, թէ չի պաշտպաներ Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու պահանջները, նշելով, որ այդ չեն պահանջեր նոյնիսկ հայ բարեկամները։ Նախարարը նշած է, որ նման որոշում հաւասարազօր կ’ըլլայ Ֆրանսայի ինքնաբացառկին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութենէն, որու ծիրէն ներս Փարիզը, Մոսկուան ու Ուաշինկթընը կը մասնակցին ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման։ Այդ կը նշանակէ հրաժարիլ միջնորդի մեր դերէն, ընդգծած է Լը Տրիան։

Աւելի վաղ՝ Նոյեմբեր 25-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու բանաձեւը ընդունուած էր ձայներու 305 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ։ Ընկերաբան՝ Օլիվիէ Ֆորը Սենատի քննարկումներուն ըսած էր․ – «Մենք չենք հաւատար Ռուսաստանի հովանիի ներքոյ կրակի դադարեցման համաձայնութենէն յետոյ կայուն կարգաւորման»։ «Իրավիճակը, ցաւօք, դատապարտուած է մշտական վատթարացման», – նշած էր Ֆորը, որ մտադիր է Դեկտեմբեր 6-9-ը այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։

Երկու պարագաներուն ալ պաշտօնական Երեւանը ողջունած է ընդունուած բանաձեւերը։ «Ֆրանսայի խորհրդարանի թէ՛ ստորին եւ թէ՛ վերին պալատների այս միասնական դիրքորոշումը խորհրդանշում է Ֆրանսայի եւ Ֆրանսացիների վճռական բողոքի ձայնն ընդդէմ Ատրպէյճանի կողմից Թուրքիայի եւ ահաբեկիչ վարձկանների աջակցութեամբ Արցախի ժողովրդի հանդէպ իրականացուած յարձակումի եւ ցեղային զտման ու ցեղասպան նկրտումներ պարունակող քաղաքականութեան», – նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այսօր՝ Դեկտեմբեր 4-ին տարածած յայտարարութեամբ։

Ղարաբաղեան խնդրի վերջնական ու արդարացի կարգաւորման առումով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նշած է․ – «Մենք կարեւորում ենք միջազգային հանրութեան նման քայլերը՝ ի նպաստ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական ու արդարացի լուծմանը եւ Արցախի՝ ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած կարգավիճակի ճանաչմանը, ինչն այսօր դարձել է արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման գլխաւոր հրամայականներից մէկը»։

Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու կողմէ ընդունուած բանաձեւերը առաջացուցած են Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դժգոհութիւնը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Զաքարի Կրոսը պիտի կանչուի նախարարութիւն, ուր իրեն պիտի փոխանցուի վճռական բողոք Ֆրանսայի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւի կապակցութեամբ։ Դեսպանը Թուիթըրի իր էջով գրած է․ – «Կը կարծեմ՝ մինչ այսօր բոլորի համար պարզ է դարձած․ Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը ճանչնայ իր խորհրդարանի անկախութիւնը, բայց չի ճանչնար Ղարաբաղի անկախութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment