Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անհնազանդութեան Բողոքի Հաւաքներ Երեւանի Մէջ՝ Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջով

Անհնազանդութեան Բողոքի Հաւաքներ Երեւանի Մէջ՝ Վարչապետի Հրաժարականի Պահանջով

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները Երեւանի մէջ անհնազանդութեան բողոքի հաւաքներ կը կատարեն՝ փողոցներ կը փակեն եւ երթեր կը կազմակերպեն:

Անոնք խումբերով կը քալեն դէպի տարբեր խաչմերուկներ, փողոցները կը փակեն 1-2 րոպէով եւ ոստիկաններու յորդորներէն յետոյ կը բանան: Ոստիկանները ձերբակալեցին փողոցները փակող որոշ ցուցարարներ:

Բողոքի հաւաքի մասնակիցները կը պնդեն, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան տակ ստորագրող անձը չի կրնար պաշտօնավարել:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 16 կուսակցութիւնները այսօր յայտարարեցին, որ որպէս վարչապետ կ’առաջադրեն Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment