17 կուսակցութիւններու խորհուրդը, որպէս վարչապետ կ’առաջադրէ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը:
Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան, Վազգէն Մանուկեան վարչապետ դառնալուն պէս պիտի կասեցնէ իր կուսակցական գործունէութիւնը` պարտաւորուելով առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն անձամբ չմասնակցիլ եւ չյաւակնիլ վարչապետի պաշտօնին: Միեւնոյն ժամանակ, ան պարտականութիւն կը ստանձնէ՝ մէկ տարի յետոյ կազմակերպել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
17 կուսակցութիւններու խորհուրդը որոշած է, ելլելով ստեղծուած իրավիճակէն, ընդլայնել իր ձեւաչափը՝ ձեւաւորելով Հայրենիքի փրկութեան շարժում:
«Շարժումը համահայկական է եւ վերկուսակցական: Շարժման խորհուրդը ներառում է կուսակցութիւնների, մտաւորականութեան եւ հասարակութեան լայն շրջանակների ներկայացուցիչների», – ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեամբ:
Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը յայտարարած է. «Շարժման նպատակն է սահմանադրական ճանապարհով օր առաջ ազատուել Հայաստանի աղէտաբեր վարչակազմից՝ ստեղծելով անցումային, հակաճգնաժամային կառավարութիւն, որը կը կանխի Հայաստանի պետականութեան կորուստը, կ’իրականացնի երկրի յետպատերազմեան առողջացումը, կ’աշխատի ազգային-պետական շահերի վրայ հիմնուած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, քաղաքացիների անվտանգութեան երաշխաւորման բարձրացման ուղղութեամբ եւ կը կազմակերպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ»:
Վարչապետի միասնական թեկնածուն, ըստ հաղորդագրութեան, Դեկտեմբեր 5-ին, ժամը 15-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին «կը ներկայացնէ նոր կառավարութեան առաջնահերթ գործողութիւնները եւ հակաճգնաժամային քայլերը»: