Կիրակի, Սեպտեմբեր 15, 2019ին երեկոյեան ժամը 6ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի պիտի ունենայ Յուշ Երեկոյ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ առասպելական գիտնական՝ Փրօֆ. Վահաքն Նորայր Տատրեանի, Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնի «Գուրեան տանիքը»: Ձեռնարկը պիտի հանդիսավարէ անուանի իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:
Յարգանքի տուրքի մատուցման եւ տօնակատարման հանդիսաւոր այս ձեռնարկին առթիւ, Պոլսահայ Միութիւնը հպարտ է յայտարարելու թէ պիտի ձեռնարկէ Պոլսահայ Միութեան «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան», անուան՝ տարեկան առաջին մետալի շնորհման: Այս մրցանակը պիտի ներկայացուի ակնառու եւ միջազգայնօրէն նշանաւոր գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները, գրութիւնները եւ գործողութիւնները յառաջ մղած են Վահագն Ն. Տատրեանի արդարադատութեան տեսլականը, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման համար: Սոյն յատուկ երեկոյի ընթացքին, այս մրցանակը առաջին ստացողը պիտի ըլլայ Փրօֆ. Թանէր Աքչամ, սիրելի ընկեր եւ գործակից՝ Փրօֆ. Տատրեանի նաեւ պիտի ըլլայ գլխաւոր բանախօսը: Ձեռնարկին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Ձեր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պոլսահայ Միութեան, մինչ մենք կ՛ոգեկոչենք Պոլսոյ եւ Հայ Ազգին այս մեծ զաւակը:
Տեղեր ապահովելու համար հեռաձայնել Միութեան քարտուղարուհի՝ Տիկին Մարիէթին (818) 342-2551 թիւին՝ գրասենեակին աշխատանքի ժամերուն ընթացքին, մինչեւ Սեպտեմբեր 13, Երեքշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, կամ ելեկտրոնային հասցէին [email protected] եւ կամ հեռաձայնելով Միութեան Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բջիջային հեռախօսին (818) 800-1976: