Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Փրօֆ. Վահաքն Տատրեանին

Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Փրօֆ. Վահաքն Տատրեանին

by MassisPost

Կիրակի, Սեպտեմբեր 15, 2019ին երեկոյեան ժամը 6ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի պիտի ունենայ Յուշ Երեկոյ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ առասպելական գիտնական՝ Փրօֆ. Վահաքն Նորայր Տատրեանի, Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնի «Գուրեան տանիքը»: Ձեռնարկը պիտի հանդիսավարէ անուանի իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:

Յարգանքի տուրքի մատուցման եւ տօնակատարման հանդիսաւոր այս ձեռնարկին առթիւ, Պոլսահայ Միութիւնը հպարտ է յայտարարելու թէ պիտի ձեռնարկէ Պոլսահայ Միութեան «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան», անուան՝ տարեկան առաջին մետալի շնորհման: Այս մրցանակը պիտի ներկայացուի ակնառու եւ միջազգայնօրէն նշանաւոր գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները, գրութիւնները եւ գործողութիւնները յառաջ մղած են Վահագն Ն. Տատրեանի արդարադատութեան տեսլականը, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման համար: Սոյն յատուկ երեկոյի ընթացքին, այս մրցանակը առաջին ստացողը պիտի ըլլայ Փրօֆ. Թանէր Աքչամ, սիրելի ընկեր եւ գործակից՝ Փրօֆ. Տատրեանի նաեւ պիտի ըլլայ գլխաւոր բանախօսը: Ձեռնարկին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

Ձեր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պոլսահայ Միութեան, մինչ մենք կ՛ոգեկոչենք Պոլսոյ եւ Հայ Ազգին այս մեծ զաւակը:

Տեղեր ապահովելու համար հեռաձայնել Միութեան քարտուղարուհի՝ Տիկին Մարիէթին (818) 342-2551 թիւին՝ գրասենեակին աշխատանքի ժամերուն ընթացքին, մինչեւ Սեպտեմբեր 13, Երեքշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, կամ ելեկտրոնային հասցէին [email protected] եւ կամ հեռաձայնելով Միութեան Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բջիջային հեռախօսին (818) 800-1976:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment