Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան Կուսակցութիւնը Լքած Գործիչները «Դաւաճան» Անուանած է

Էրտողան Կուսակցութիւնը Լքած Գործիչները «Դաւաճան» Անուանած է

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն ներս կը շարունակուին հրաժարականները, կուսակցութենէն հեռացող քաղաքական գործիչներու թիւը երթալով կ’աւելնայ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ  «Deutsche Welle»  կայանը։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը կուսակցութիւնը լքած գործիչները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն եւ նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճանին «դաւաճան» անուանած է:

Ըստ տեղեկատւութեան՝ Էրտողանը ԱԶԿ-ի հետ նոյնացուող եւ առանցքային համարուող գործիչներու՝ կուսակցութենէն հեռանալը կանխելու համար, անոնց նշանակած է Թուրքիոյ նախագահի բարձրագոյն խորհրդակցական խորհուրդի անդամներ: Այդ գործիչներէն են Պիւլենթ Արընչը, Ճեմիլ Չիչէքը, Մեհմետ Ալի Շահինը եւ ուրիշներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment