Հայաստան-Գերմանիա միջպետական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Գերմանիոյ վարչապետը ժամանած է Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիմաւորած է Անկելա Մերքէլը:
Օդակայանէն Մերքէլը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքէլի հանդիպումը, որուն մասնակցած են երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները:
Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանը վստահութիւն յայտնած է, որ այս պատմական այցը նոր հորիզոններ պիտի բանայ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման համար:
«Ուզում եմ գոհունակութեամբ նշել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիայի միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են փոխ ըմբռնման եւ խորը վստահութեան վրայ: Գերմանիան Հայաստանի համար շատ կարեւոր գործընկեր է, բայց մեր համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն ունի շատ աւելի ընդլայնուելու տարբեր ոլորտներում: Եւ, իհարկէ, չեմ կարող գոհունակութիւնս չյայտնել Գերմանիայի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու նաեւ այն քաղաքական աջակցութեան համար, որ զգում ենք Եւրամիութեան հետ մեր համագործակցութեան ընթացքում, քանի որ Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեն մեզ համար»,- նշած է նախագահ Սարգսեանը:
Վարչապետ Անկելա Մերքէլն իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ հիւրընկալուելու համար. «Սիրելի պարոն Սարգսեան: Ուրախ եմ հիւրընկալուելու ձեր երկրին մէջ, ուրախ եմ մեր հանդիպման համար: Անցեալ տարի մեր երկիրները կը նշէին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, եւ մենք այսօր արդէն կրնանք ամփոփել, որ մեր յարաբերութիւնները դրական են: Համամիտ եմ Ձեզ հետ այն առումով, որ մեր յարաբերութիւններն ունին չիրացուած ներուժ, եւ այն պէտք է օգտագործել ինչպէս քաղաքական ու տնտեսական, այնպէս ալ գիտահետազօտական եւ թեխնոլոկիաներու ոլորտներու մէջ: Մենք կ’ուզենք մեր մասնակցութիւնն ունենալ Հայաստանի կողմէն յայտարարուած բարեփոխումներուն, ուշադրութեամբ կը հետեւէինք գարնան ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ գործընթացներուն: Պատրաստ ենք շարունակել համագործակցիլ այս թերեւս դժուարին, բայց կարեւոր ճանապարհին»:
Հանդիպման ժամանակ զրուցակիցներն անդրադարձած են Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները տարբեր՝ մշակութային, կրթական եւ գիտական ուղղութիւններով խորացնելու հնարաւորութիւններու, մասնաւորապէս, նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: