Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո՞ր Դեսպանները Ետ Պիտի Կանչուին. «Հրապարակ»

Ո՞ր Դեսպանները Ետ Պիտի Կանչուին. «Հրապարակ»

by MassisPost

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Յառաջիկային մեծ թիւով դեսպաններ յետ պիտի կանչուին, քանի որ «Սերժ Սարգսեանի արտաքին քաղաքականութեան ծրագիրն իրագործած դեսպանները չեն կրնար Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնն իրականացնել։

Երէկ Ուքրանիայի մէջ ՀՀ դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանը յայտարարած էր, որ կը հեռանայ, թէեւ իրականութեան մէջ իշխանութիւնն է, որ կը հրաժարի իր ծառայութիւններէն։  Որոշ աղբիւրները կ’ըսեն, որ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալները պիտի նշանակուին տարբեր երկիրներու մէջ,  դեսպան՝ Աշոտ Յովակիմեանը, ամենայն հաւանականութեամբ, Չեխիոյ մէջ, ուրկէ Տիգրան Սեյրանեանին պիտի տեղափոխեն այլ երկիր։ Դեսպան պիտի նշանակուին նաեւ Կարէն Նազարեանը եւ Արմէն Պապիկեանը։ Շաւարշ Քոչարեանը պիտի մնայ իր պաշտօնին, քանի որ, հակառակ առաջացած տարիքին, կը համարուի ղարաբաղեան բանակցութիւններու գծով ամենատեղեկացուած մարդը։

Ետ պիտի կանչուին Իտալիոյ եւ, բնականաբար, Վատիկանի դեսպանը՝ Միքայէլ Մինասեանը։ Ռուսաստանի դեսպան Վարդան Տողանյեանը թէեւ նշանակուած է 2017-ին, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, նոյնպէս ետ պիտի կանչուի․ անոր աշխատանքէն դժգոհ են։ Հայաստան պիտի վերադառնայ նաեւ Արա Սահակեանը՝ Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանը։ Դեռ թափուր է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ դեսպանի պաշտօնները։ Հիներէն պիտի շարունակեն պաշտօնավարել Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշես Թումանեանը, հաւանաբար՝ Ֆրանսայի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը։

Դեսպան պիտի նշանակուի նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը, կը խօսուի Հոլանտայի մասին, թէեւ այնտեղ այս տարեսկիզբին նշանակուած է դեսպանը՝ Գարեգին Մելքոնեանը։ Որեւէ ֆրանքոֆոն երկրի մէջ դեսպան պիտի նշանակուի նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Վահագն Աթաբեկեանը, որ կը համակարգէ Ֆրանքոֆոնիայի համաժողովի կազմակերպման աշխատանքները։ Եւ ամենակարեւորը՝ պիտի փոխուի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանը, դեսպան պիտի նշանակուի վարչապետի օգնական Վարուժան Ներսէսեանը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment