Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիան Պատրաստ է Արցախեան Հակամարտութեան Լուծման Հարցին Վերաբերեալ Աջակցիլ Հայաստանին. Անկելա Մերքէլ

Գերմանիան Պատրաստ է Արցախեան Հակամարտութեան Լուծման Հարցին Վերաբերեալ Աջակցիլ Հայաստանին. Անկելա Մերքէլ

by MassisPost

«Ուրախ եմ գտնուիլ երկրի մը մէջ, որն ունի բարձր մշակութային եւ պատմական աւանդոյթներ, բայց նաեւ բաց  է  ապագայի առջեւ»,- Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին՝ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեան նշած է. «Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէն ընդունուած բանաձեւի ոգիով ես եղած եմ Ծիծեռնակաբերդ, իմ յարգանքի տուրքը մատուցած են: Այն ինծի համար իրաւաբանական խնդիր չէ»։

Merkel-Armenia-4
«Անցեալ ամիսներուն հետեւած ենք ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն եւ թաւշեայ յեղափոխութեան: Մենք Նիկոլ Փաշինեանի հետ խօսեցանք այն մասին, թէ ինչպիսին պէտք  է ըլլան մեր յարաբերութիւնները: Անոնք շատ լաւ են բայց կրնան աւելի ընդլայնուիլ: Մենք լաւ օրակարգ ունինք մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Մենք կրնանք համագործակցիլ թուայնացման, ռեսուրսներու (միջոցներու), պաշարներու, կրթութեան ոլորտին մէջ: Հայաստանի մէջ կը գործեն դպրոցներ, ուր խորացուած գերմաներէն կ’ուսուցանուի: Գերմանական գիտական կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւնները կարելի է  ալ աւելի խորացնել: Մենք քննարկեցինք նաեւ Գերմանիոյ մէջ ապաստան խնդրող հայաստանցիներու խնդիրը: Մենք այս ոլորտին մէջ բաւական լաւ կը համագործակցինք»,- ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Անկելա Մերքէլը ուրախութիւն յայտնած է, որ Հայաստանը յաջողած է ԵՄ-ի հետ խորը եւ համապարփակ համաձայնագիր կնքել: Գերմանիան իր հերթին իր ներդրումը պիտի ունենայ համաձայնագրի կիրարկման մէջ՝ հայկական կողմին օգնելու գործին մէջ»,- ընդգծած է վարչապետը:

Անդրադառնալով Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման՝ Անկելա Մերքէլը շեշտած է՝ Գերմանիան պատրաստ է նպաստել խնդրի խաղաղ կարգաւորման:

«Գերմանիան Մինսքի խումբի անդամ է: Լաւ կ’ըլլայ հակամարտութիւնները լուծել, բայց որ կարեւոր է՝ լուծել լաւ մթնոլորտի մէջ: Գերմանիան պատրաստ է այս առումով աջակցիլ Հայաստանին»,- ըսած է ան:

merkel-tumo-2

Խօսելով «Թումօ» կեդրոն կատարած այցի մասին՝ Անկելա Մերքէլը նշած է, որ այդ կեդրոնը հրաշալի օրինակ է կրթութեան բնագաւառին մէջ՝ երեխաներուն հնարաւորութիւն տալու նորարար թեխնոլոկիաներու ոլորտին մէջ դրսեւորել իրենց:

«Մենք քննարկեցինք ներքաղաքական հարցեր՝ նաեւ կաշառակերութեան վերաբերեալ»,- ըսած է Մերքէլը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment