«Ակօս» պարբերականի հիմնադիր նահատակ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի շրջանակներուն մէջ նոր ձերբակալումներ եղած են: Մասնաւորապէս ձերբակալուած են թրքական «ժանտարմա»ի պաշտօնեաներ եւ անոնց մէջ է նաեւ Պոլսոյ նահանգային «ժանտարմա»ի անվտանգութեան բաժնի պաշտօնեայ Ապտուլլահ Տինչ:
Հարցաքննութիւնը իրականացնող դատախազ Կէոքալփ Քէոքչու յայտարարած է, թէ Տինքի սպանութիւնը 15 Յուլիս յեղաշրջման փորձին տանող գործընթացներուն մէջ արձակուած առաջին փամփուշտն էր:
Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձի շրջանակներուն մէջ ձերբակալուած լրագրող Էրճան Կիւն պատասխանատւութեան կանչուած է նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով: Նշենք, որ 15 Յուլիսի յեղաշրջման փորձի ձախողումէն ետք Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 27 նոր ձերբակալումներ եղած են եւ յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 8 Օգոստոսին: