Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամենասարսափելին, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ Հայաստանի Հետ, Անոր Վերափոխումն Է «Նոր Ուքրանիոյ». Մետվետեւ

Ամենասարսափելին, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ Հայաստանի Հետ, Անոր Վերափոխումն Է «Նոր Ուքրանիոյ». Մետվետեւ

by MassisPost

«Ամենավատ բանը, որ կրնայ պատահիլ Հայաստանի հետ, անոր վերափոխումն է «նոր Ուքրանիոյ»: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Իրանի պետական հեռուստատեսութեան եւ ռատիօհեռարձակման ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ան նշած է, որ Արեւմուտքը այժմ «կը փորձարկէ» Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրութիւնը։

«ՀՀ ներկայիս ղեկավարութիւնը որոշած է փոխել իր զարգացման ուղղութիւնը: Վստահ եմ, որ ատիկա որեւէ լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ: Ամենավատ բանը, որ կրնայ պատահիլ Հայաստանի հետ, անոր վերափոխումն է նոր Ուքրանիոյ»,- ըսած է ան։

Մետվետեւ ընդգծած է, որ Մոսկուան ինք կը լուծէ իր տարածաշրջանային խնդիրները: Ան նշած է, որ Ռուսաստանը եւ Իրանը Կասպեան տարածաշրջանին մաս կը կազմեն:

«Մեզի ուրիշ մէկը պէտք չէ բարեկամներ ըլլալու, առեւտուր ընելու կամ զարգանալու համար»,- եզրափակած է Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխնախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment