Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Տուպայի մէջ տեղի ունեցող՝ 15-րդ Ամէնամեայ ներդրումային համաժողովի ծիրին մէջ հանդիպած է ԱՄԷ արտաքին առեւտուրի նախարար Թանի պըն Ահմատ Ալ Զայուտիի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ու նոր հնարաւորութիւններու ձեւաւորման առնչուող շարք մը հարցեր։
Գէորգ Պապոյեան առաջարկած է նաեւ կազմակերպել ԱՄԷ գործարարներու այցեր Հայաստան՝ արտադրական հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու, B2B հանդիպումներ կայացնելու եւ փորձնական մատակարարումներէն դէպի երկարաժամկէտ պայմանագրերու անցնելու նպատակով։
Քննարկուած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վարդգէս Յովսէփեանը, Տուպայի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արտակ Աւետիսեանը եւ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպանի տնտեսական հարցերով խորհրդական Հայկ Մխիթարեանը։

