Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք կը կասկածի, որ Հայաստանի իր գործընկերները կը կարենան վերակողմնորոշուիլ այլ շուկաներու մէջ։
«Ըստ ամենայնի՝ ոչ։ Ի հարկէ, անոնց որոշակի, ոչ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերուած է, սակայն ատիկա ոչ մէկ կերպ կրնայ համեմատուիլ այն մեծ շուկային հետ, որ Ռուսաստանի շուկան է անոնց համար։ Եւ մենք նոյնպէս սովոր ենք այդ արտադրանքին»,- ըսած է Օվերչուք՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք յաջողութիւն ունեցա՞ծ են Հայաստանը դէպի այլ շուկաներ վերակողմնորոշելու փորձերը։
Օվերչուք ընդգծած է, որ «ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ, որ մենք պաշտպանենք մեր շուկան։ Եւ մենք մեր հայ գործընկերներուն կ’առաջարկենք մեզի հետ աշխատիլ այս ուղղութեամբ»:
Մինչ Ռուսաստանը առայժմ փակ կը պահէ իր շուկան հայկական գիւղմթերքի համար, Հայաստանի կառավարութիւնը տարբեր կարճաժամկէտ ծրագրերով կ’աջակցի արտահանողներուն եւ կը յայտարարէ շուկաներու բազմազանեցման մասին։ Աջակցութիւն տրամադրած է նաեւ Եւրոմիութիւնը՝ աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի փաթեթով։

