Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Առումով Երեւանի Մէջ Մեկնարկած Է Հայ-Թրքական Գործարար Համաժողովը

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Առումով Երեւանի Մէջ Մեկնարկած Է Հայ-Թրքական Գործարար Համաժողովը

by MassisPost

Երեւանի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար համայնքներու մասնակցութեամբ երկօրեայ համաժողով:

Այն կազմակերպած է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ Գործարարներու Նիութիւնը (ՀԱԳՄ) ԵՄ ֆինանսաւորմամբ իրականացուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման․ միջսահմանային կապերու ամրապնդում» ծրագրի ծիրին մէջ:

Համաժողովին նպատակն է մէկ հարթակի վրայ համախմբել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար ու պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն՝ քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, բացայայտելու փոխգործակցութեան նոր ուղղութիւններ եւ ձեւաչափեր, ինչպէս նաեւ խթանելու նոր գործարար կապերու եւ գործընկերութիւններու ձեւաւորումը։

Միջոցառման ընթացքին կը նախատեսուին քննարկումներ եւ հանդիպումներ՝ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան ներուժի, գործարար կապերու զարգացման եւ միջսահմանային փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։

Մասնաւորապէս պիտի ներկայացուին Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային հաղորդակցութիւններու հնարաւորութիւններուն ու առկայ խոչընդոտներու մասին հետազօտութեան արդիւնքները, տեղի պիտի ունենան է հայ-թրքական տնտեսական համագործակցութեան յաջորդ քայլերու թեմայով քննարկում, իսկ երկու երկիրներու գործարարներու երկկողմ ձեւաչափով (B2) հանդիպումներուն կը նախատեսուին շփումներ տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment