Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Գործնական, Վճռական, Ուժեղ». Թրամփի Բանագնացը Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Մասին

«Գործնական, Վճռական, Ուժեղ». Թրամփի Բանագնացը Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահը իր Truth Social ընկերային ցանցի էջով տարածած է Washington Еxaminer-ի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով իր բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆի յօդուածը, որուն մէջ վերջինս կ’անդրադառնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Տոնալտ Թրամփի ունեցած դերին:

Ուիթքոֆ, որ կը համարուի Սիւնիքով Ատրպէյճանը իր արտագաւառ Նախիջեւանի հետ կապող «Թրամփի ուղիի» ճարտարապետներէն մէկը, կը գրէ, որ դիւանագէտներու սերունդներ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տասնամեակներ տեւած դաժան հակամարտութիւնը կը համարէին անլուծելի։ Սակայն այս միտումը աւարտեցաւ, երբ նախագահ Թրամփ երկրորդ անգամ վերադարձաւ Սպիտակ տուն եւ «անոր համարձակ առաջնորդությեան շնորհիւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նախաստորագրեցին խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ վերջ դնելով աւելի քան 35 տարուայ արյունահեղութեան»:

Ամերիկացի պաշտօնեան կը նշէ, որ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ուսմունքը եզակի է անով, որ ան պատրաստ է երկխօսելու ոեւէ մարդու հետ, որպէսզի յառաջ մղէ ամերիկեան շահերը, այդ շարքին՝ աշխարհի վրայ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութիւնները խաղաղ կարգաւորման համար:

Ինչպիսի՞ն են Փաշինեանն ու Ալիեւը՝ ըստ Ուիթքոֆի.

Ուիթքոֆ կը նշէ, որ 2025-ի Մարտին Պաքու կատարած առաջին այցի ժամանակ պարզ դարձաւ, որ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ չեն ստացած այն ուշադրութիւնը, որուն արժանի են։ Ան կը նշէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը «ուժեղ, վճռական» առաջնորդ է, որ պատրաստ է կայացնելու խաղաղութեան համար անհրաժեշտ դժուար որոշումներ եւ կը հասկնայ ինչպէս իր պետութեան շահերը, այնպէս ալ տարածաշրջանային կայունութեան կարեւորութիւնը։ «Այդ այցը համոզեց մեր խումբը, որ ճիշդ մօտեցման պարագային յառաջընթացը հնարաւոր է»,- կը գրէ ամերիկացի պաշտօնեան։

Խօսելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին՝ Ուիթքոֆ զայն կը նկարագրէ որպէս «գործնական եւ խիզախ առաջնորդ», որ կրնայ որոշումներ կայացնել իր ժողովուրդի շահերէն ելլելով, նոյնիսկ այն պաարգային, երբ գիտէ, որ ժողովուրդը սկիզբը այդքան ալ լաւ պիտի չընդունի այդ որոշումը:

Յաջորդող հինգ ամիսներուն հանդիպումները թէ՛ Պաքոււի, թէ՛ Երեւանի մէջ, ըստ անոր, բացայայտեցին մէկ հիմնական ճշմարտութիւն. հակամարտութիւնը պէտք է դիտարկուէր այլ տեսանկիւնէ:

«Գործնական խնդիրները, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի՝ Նախիջեւանի արտագաւառ անարգել մուտք գործելու անհրաժեշտութիւնը, երկար ժամանակ կը համարուէին զերոյական ելքով տարածքային վէճեր։ Անհրաժեշտ էր ոչ թէ հինցած բանաձեւերու եւս մէկ կրկնութիւն, այլ՝ թարմ մտածողութիւն, ստեղծագործական լուծումներ եւ, ամէնէն առաջ, առաջնորդութիւն»,- կը գրէ ԱՄՆ նախագահի բանագնացը։

Այս հանդիպումներուն արդիւնքը դարձաւ TRIPP-ի հայեցակարգը, որու շրջանակին մէջ Ուաշինկթըն կը համագործակցի Երեւանի հետ՝ Հայաստանով անարգել, բազմակերպ փոխադրութեան ուղիներ ստեղծելու համար՝ միաժամանակ լիովին պահպանելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, կը գրէ ան։

«Թրամփը լուծեց խնդիր մը, որ տասնամեակներ շարունակ խճճած էր դիւանագէտները՝ կեդրոնանալով գործնական արդիւնքներու վրայ, այլ ոչ թէ պաշտօնական գործընթացի։ Այս մօտեցումը տուաւ իր արդիւնքը։ Երկու երկիրներուն առաջնորդները ստորագրեցին երկու կարեւորագոյն փաստաթուղթեր իրենց երկիրներու հարուստ պատմութեան մէջ»,- կը գրէ ան։

Առաջինը ձեռքբերումը, ըստ Ուիթքոֆի, խաղաղութեան համատեղ հռչակագիրն է, որ երկու երկիրները դրաւ մշտական խաղաղութեան, տնտեսական համագործակցութեան եւ լիակատար կարգաւորման ուղիի վրայ: Երկրորդը՝ երկու առաջնորդներուն կողմէ Թրամփի առաջադրումն էր Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի՝ առաջին դէպքը, երբ նախապէս պատերազմող երկիրներու առաջնորդները կը համակարգեն իրենց ջանքերը՝ միջնորդը այս մրցանակին առաջադրելու համար:

«Այսօր TRIPP հայեցակարգը համաշխարհային ճանաչում ստացած է որպէս անլուծելի վէճերը ստեղծագործականութեան, ուժի եւ փոխադարձ շահագրգռուածութեան միջոցով լուծելու ձեւ»- կը գրէ ամերիկացի պաշտօնեան՝ նշելով, թէ կ’ակնկալեն, որ TRIPP նախագիծը պիտի ընդլայնուի Կասպից ծովէն այն կողմ, եւ հայեցակարգը պիտի զարգանայ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Սպիտակ տան ղեկավարի յատուկ բանագանցը կը նշէ, որ Հարաւային Կովկասը այսօր աւելի անվտանգ է, բարգաւաճ եւ կայուն, քանի որ «Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան նախընտրեցին արդիւնքները՝ հռետորաբանութեան փոխարէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment