Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցը Քաղաքականէն Դուրս Է. Վարչապետը Չէ Բացառած՝ Մոտուլային Աթոմակայանի Պարագային Կրնան Ընտրել Ռուսական Ձեւը

Հարցը Քաղաքականէն Դուրս Է. Վարչապետը Չէ Բացառած՝ Մոտուլային Աթոմակայանի Պարագային Կրնան Ընտրել Ռուսական Ձեւը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի բացառեր, որ մոտուլային աթոմակայանի պարագային կրնան ընտրել ներկայացուած քանի մը տարբերակէն ռուսականը։

«Մենք ասել ենք՝ անհնար չենք համարում որեւէ ձեւի ընտրութիւնը, մեզ պէտք է լաւագոյն առաջարկը, մենք փնտռում ենք լաւագոյն առաջարկը»,- կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներուն ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը երբեք չէ ըսած, որ ռուսական առաջարկը կրնայ ըլլալ լաւագոյնը։

«Բայց կան մի քանի գործօններ՝ գին, յետգնման ժամկէտ, կառուցման ժամկէտ, ֆինանսաւորման համակարգեր եւ այլն: Արդէն որոշում կայացնելու ժամանակն է, բայց նաեւ աշխատում ենք գործող աթոմակայանի ժամկէտը եւս մէկ անգամ երկարացնելու ուղղութեամբ։ Հարցը պէտք է դուրս դնել քաղաքականից»,- ըսած է Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment