«Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ռուսական թոյլտուութիւնը այլ կողմի փոխանցելու մասին Հայաստանի յայտարարութիւնները Մոսկուան կը գնահատէ որպէս Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանը շանթաժի ենթարկելու փորձ։ Այս մասին գրած է «Ինթերֆաքս»-ը՝ յղում անելով Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան։
«Հաշուի առնելով, որ նախապէս թոյլտուութիւնը ոեւէ մէկուն փոխանցելու հարց ընդհանրապէս չէր բարձրացուած, մեծ հաւանականութեամբ կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պարզապէս շանթաժի կ’ենթարկեն։ Կը պահանջեն վերացնել ռուսական գործօնը փոխադրութեան ոլորտին մէջ, իսկ անոր դիմաց կը խոստանան բազմամիլիոննոց ներդրումներ եւ ներգրաւում նախագիծերու մէջ, որոնց տնտեսական նպատակայարմարութիւնը դժուար է տեսնել։ Սա լիովին կը համապատասխանէ տարածաշրջանէն Ռուսաստանը դուրս մղելու՝ Արեւմուտքի անազնիւ խաղերու տրամաբանութեան»,- կը գրէ լրատուամիջոցը՝ յղում ընելով Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Երեւանի այն պնդումները, թէ ռուսական թոյլտուութիւնը կը խոչընդոտէ Հայաստանի՝ միջազգային լոկիսթիկ նախաձեռնութիւններուն միանալուն, «բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ եթէ Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարումը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի ձեռքը, հանրապետութիւնը կը կորսնցնէ միջազգային երկաթուղային ցանցերուն հաամրկուելու հնարաւորութիւնները։ Ան նաեւ ռուսական կողմէ խնդրած էր «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան թոյլտուութեան իրաւունքը վաճառել երրորդ երկրի։

