Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստորագրուած Փաստաթուղթերուն Մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք» Արտայայտութիւնը Չկայ. Եղոյեանը՝ Ալիեւի Յայտարարութիւններուն Մասին

Ստորագրուած Փաստաթուղթերուն Մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք» Արտայայտութիւնը Չկայ. Եղոյեանը՝ Ալիեւի Յայտարարութիւններուն Մասին

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան ճեպազրոյցի ժամանակ մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնները՝ նշելով, որ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ նման արտայայտութիւն չկայ։

«Այստեղ փաստարկի ու հակափաստարկի հարց ընդհանրապէս չկայ։ Կան ստորագրուած փաստաթղթեր, յայտարարութիւններ, նոյնիսկ նախաստորագրուած համաձայնագրի նախագիծ, եւ այդ բոլոր փաստաթղթերում որեւէ տեղ չէք հանդիպի «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութեանը. նման բան չկայ։

«Քաղաքական խօսոյթի մակարդակում շատերը շատ բան կարող են ասել։ Մենք էլ ենք ասում, որ նման հասկացութիւն, նման եզրոյթով ենթակառուցուածք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում գոյութիւն չունի։ Հայաստանի տարածքում գոյութիւն ունի ԹՐԻՓՓ նախագիծը, որի տակ դրուած են Ատրպէյճանի նախագահի, ԱՄՆ նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի ստորագրութիւնները։ Դրան յաջորդել են այլ փաստաթղթեր եւս, այդ թւում՝ օրեր առաջ հրապարակուած եռակողմ համատեղ յայտարարութիւնը Օգոստոսի 8-ի համաձայնութեան մէկամեակի առիթով, եւ այնտեղ եւս այդ արտայայտութիւնը չկայ»,- ըսաւ Եղոյեան։

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհներու ապաշրջափակման եւ անոնց շահաւէտութեան, պատգամաւորը նշեց, որ գործընթացը ձեռնտու է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի համար։

«Եթէ ձեռնտու չլինէր, այդ փաստաթուղթը չէր ստորագրուի։ Տարածաշրջանի ապաշրջափակումը ստորագրուած փաստաթղթերում նկարագրուած պայմաններով, բնականաբար, ձեռնտու է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին։ Հակառակ դէպքում նրանց ստորագրութիւններն այնտեղ չէին լինի։ Շատ լաւ է, որ այդ պայմաններով ապաշրջափակման հարցում տեսակէտները համընկնում են»,- ըսաւ Եղոյեան։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Օգոստոս 11-ին, Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը անուանած էր Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնը, իսկ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանին կապելը՝ իրենց «վաղեմի երազանքը»։ Օգոստոս 10-ին հրապարակուած ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ յայտարարութեան մէջ նախագիծը կը յիշատակուի որպէս ԹՐԻՓՓ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment