Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրազդանի մէջ մասնակցած է “Firebird AI” ընկերութեան արհեստական բանականութեան գործարանի բացման պաշտօնական արարողութեան։
Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ շնորհաւորած է ներկաները արհեստական բանականութեան գործարանի բացման առթիւ՝ շեշտելով, որ այդ հնարաւոր դարձած է նաեւ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին ԱՄՆ միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ
կայացած Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գագաթաժողովին շնորհիւ։ «Յարգելիներս, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեկցանքի կարիք չունի, եւ սա ասում են պաշտօնապէս։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի գործընկերութեան եւ գործակցութեան կարիք։ Թոյլ տուէք բոլորիս շնորհաւորել այս իրադարձութեան եւ ընդհանրապէս Օգոստոսի 8 առիթով, որովհետեւ ես զգում եմ, որ Օգոստոսի 8-ը գնալով աւելի ու աւելի ծանրակշիռ նշանակութիւն է ձեռք բերում Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Եւ այն, ինչ այսօր տեղի է ունենում, իրականում շատ կարեւոր, շատ ծանրակշիռ իրադարձութիւն է։»,- նշած է Փաշինեան։
Փաշինեան կրկին ընդգծած է, որ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ը շրջադարձային իրադարձութիւն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։ Ան յաւելած է, որ յառաջիկային Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ մէկ այլ հսկայածաւալ ծրագրի՝ TRIPP նախագիծին վրայ, որ եւս 1 աստիճանով պիտի բարձրացնէ Հայաստանի կշիռը միջազգային ներդրումային քարտէզին վրայ։
Վարչապետին խօսքով՝ շատ հետաքրքրական է, թէ ինչպէս քաղաքական եւ տնտեսական գործընթացները իրար կ’ուղեկցին։
Ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան՝ նշելով, որ Հրազդանի մէջ արհեստական բանականութեան գործարանի բացումը այդ համագործակցութեան շատ լաւ օրինակ է։ Անոր խօսքով՝ Ռեւ Լեպարեդեանն ու
Ռազմիկ Յովակիմեանը, որոնք կը ներկայացնեն հայկական սփիւռքը, կեդրոնացած են ոչ թէ Հայաստանին կարեկցելու, այլ Հայաստանի զարգացման մասնակցելու, Հայաստանի զարգացման իրենց նպաստը բերելու գործին վրայ։ «Յարգելիներս, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեկցանքի կարիք չունի, եւ սա ասում են պաշտօնապէս։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի գործընկերութեան եւ գործակցութեան կարիք։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահելի գործընկեր է, եւ ես ուզում եմ ձեզ, սիրելի հայրենակիցներ, շնորհակալութիւն յայտնել կառավարութեան այս ուղերձին արձագանգելու համար։ Եւ իսկապէս շատ բարձր եմ գնահատում եւ մեծ պատիւ է ինձ համար, որ մենք այսօր խօսում ենք բոլորովին ուրիշ օրակարգերի մասին, որը պետութեան օրակարգ է, որը կեանքի օրակարգ է, որը ապագայի օրակարգ է, եւ նրա համար, որ ապագան հիմա է, այստեղ է, այսօր է, եւ դուք այսօր ձեր սեփական աչքերով տեսնում էք այդ ապագան։ Շնորհակալութիւն բոլոր նրանց, ովքեր այդ ապագան ստեղծել են»,- եզրափակած է է վարչապետը։
Firebird ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործարկած է ԱՊՀ տարածաշրջանի խոշորագոյն ԱԲ գործարանը՝ ստեղծելով ԱԲ հաշուարկային նոր կեդրոն, որ հիմնուած է NVIDIA-ի արագացուած հաշուարկային արհեստագիտութիւններու եւ Dell
Technologies-ի բարձր արտադրողականութեամբ ԱԲ ենթակառուցուածքի վրայ։ ԱԲ գործարանները ԱԲ-ի դարաշրջանի հիմնարար ենթակառուցուածքներն են՝ ապահովելով անհրաժեշտ հաշուարկային հզօրութիւններ՝ տարբեր ոլորտներում ԱԲ
մոտելները լայնածաւալ մասշտաբով ուսուցանելու, կատարելագործելու եւ կիրառելու համար։
Հրազդանի մէջ ԱԲ գործարանի բացման արարողութեան մասնակիցներուն տեսաուղերձ յղած է NVIDIA ընկերութեան համահիմնադիր, գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ենսեն Հուանը։



