Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութիւնը, Բարգաւաճումը Փոխադարձաբար Կ’ամրապնդեն Իրար․ TRIPP-ը Պարզապէս Ենթակառուցուածքային Նախագիծ Չէ

Խաղաղութիւնը, Բարգաւաճումը Փոխադարձաբար Կ’ամրապնդեն Իրար․ TRIPP-ը Պարզապէս Ենթակառուցուածքային Նախագիծ Չէ

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարութիւն տարածած է՝ անդրադառնալով TRIPP նախագիծի իրականացման շուրջ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան առաջին տարեդարձին։

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի.

«Մէկ տարի առաջ այս օրը նախագահ Թրամփ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն ապահովեց՝ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, եւ վկայ ըլլալով անոնց կողմէ պատմական համատեղ հռչակագրի ստորագրման։ Հռչակագիրը վերջ դրաւ Հարաւային Կովկասի մէջ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան եւ հիմք դրաւ Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան ու բարգաւաճման նախաձեռնութեան (Trump Route for International Peace and Prosperity)։

«Վերջին տասներկու ամիսներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համատեղ աշխատած է այդ խոստումը գործնական յառաջընթացի վերածելու ուղղութեամբ։

«TRIPP-ը՝ բազմաձեւ տարանցիկ երթուղին, որ կը նախատեսէ արդիականացնել երկաթուղային, ճանապարհային, ուժանիւթային եւ թուային ենթակառուցուածքները, աստիճանաբար կը մօտենայ իրականութիւն դառնալու։ Հայաստանի մէջ արդէն սկսած են երկաթուղիի ճարտարապետական ուսումնասիրութիւնները, իսկ Ատրպէյճանը գրեթէ աւարտած է Հայաստանի հետ կապուելու համար նախատեսուած մայրուղիի եւ երկաթուղիի կառուցումը։ Խաղաղութիւնը հնարաւորութիւն ստեղծած է խորացնելու Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ երեք երկիրներու տնտեսական բարգաւաճման։

«Այսօր ուրախ եմ յայտարարել, որ Անդրկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամը (Trans-Caspian Enterprise Fund) արդէն սկսած է գործել։ Հիմնադրամը կը ղեկավարէ նորընտիր տնօրէններու խորհուրդը, իսկ անոր դրամագլուխը կը կազմէ 201 միլիոն տոլար (խմբ. ԱՄՆ կառավարութեան պաշտօնական ծախսերու շտեմարանը օրերս յայտնած էր, որ հիմնադրամին դրամագլուխը կրկնապատկուած է՝ հասնելով 402 միլիոն տոլարի)՝ տրամադրուած ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ։ Նպատակն է խթանել մասնաւոր հատուածի ներդրումները Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Անդրկասպեան առեւտրային երթուղիի (Միջին միջանցք) երկայնքով։

«Այս յառաջընթացը կը վկայէ պարզ ճշմարտութեան մը մասին․ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը փոխադարձաբար կ’ամրապնդեն իրար։ TRIPP-ը պարզապէս ենթակառուցուածքային նախագիծ չէ։ Այն Անդրկասպեան առեւտրային երթուղիի կարեւոր օղակ է, առեւտրային նոր հնարաւորութիւններու շարժիչ ուժ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու համար, ինչպէս նաեւ օրինակ այն բանին, թէ ինչպէս տնտեսական համագործակցութիւնը կրնայ ամրապնդել խաղաղութիւնը երկարատեւ վէճերու կարգաւորումէն յետոյ։

«Միացեալ Նահանգները լիովին հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան այս հիմքին վրայ հետագայ քայլեր ձեռնարկելու ուղղութեամբ։

«Մենք կը շնորհաւորենք երկու երկիրները վերջին մէկ տարուայ ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ հեռատեսութեան համար եւ կ’ակնկալենք շարունակական յառաջընթաց Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment