Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 8-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի աջակցութեամբ 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Խաղաղութեան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առիթով, որուն ընթացքին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած է խաղաղութիւն եւ նախաստորագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը։
Կողմերը նշած են նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ ԱՄՆ կառավարութեան կարեւոր դերը խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած՝ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացին։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումը՝ որպէս խաղաղութեան օգուտներու շօշափելի դրսեւորում։ Այս առումով նշուած են ատրպէյճանական նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դէպի այլ ուղղութիւններ տարանցիկ բեռներու փոխադրումները։
Բացի անկէ, Փաշինեանն ու Ալիեւը միտքեր փոխանակած են TRIPP երթուղիի իրականացման վերաբերեալ՝ համաձայն Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։
Կողմերը կարեւորած են խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, կապակցուածութեան ու տնտեսական համագործակցութեան ապահովման ուղղութեամբ ջանքերու շարունակումը։

