Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Հայաստանի զօրավարժարաններէն մէկուն մէջ վրանային աւան կը կառուցուի, ուր կը նախատեսուի իրականացնել 25-օրեայ վարժական հաւաքներու մասնակիցներու նախնական տասնօրեայ պատրաստութիւնը։ Հոկտեմբեր 28-ին Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։
Նախարարին խօսքով՝ վրանային աւանը հնարաւորութիւն պիտի տայ բարձրացնելու պահեստազօրայիններուն պատրաստութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Ան նշած է, որ աւանին մէջ ստեղծուող պայմանները բարձր մակարդակի պիտի ըլլան։
«Նշեմ, որ այդ գործում մեզ օգնել է Եւրոմիութիւնը»,- ըսած է Պապիկեան՝ պարզաբանելով, որ խօսքը Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով տրամադրուող ֆինանսաւորման մասին է։
Պաշտպանութեան նախարարը 25-օրեայ վարժական հաւաքները համարած է վերջին տարիներուն իրականացուող բարեփոխումներու կարեւոր մաս՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ համակարգը դեռ կայացման փուլին մէջ է, եւ ընելիքներ կան։
Անդրադառնալով վարժական հաւաքներու մասնագիտական ուղղուածութեան՝ Պապիկեան նշած է, որ պահեստազօրայիններու ներգրաւումը արդէն կ’իրականացուի անոնց մասնագիտութիւնները հաշուի առնելով։
Անոր խօսքով՝ քաղաքացիները կը փափաքին բանակին մէջ օգտագործել նաեւ կրթութեան եւ աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքներն ու փորձառութիւնը։ Նախարարութիւնը, ըստ Պապիկեանի, կ’աշխատի այդ հնարաւորութիւնները աւելի լայնօրէն օգտագործելու ուղղութեամբ։
Ան յաւելած է, որ պահեստազօրայիններու ամրագրումներն ու կցումները հիմնականին մէջ կ’իրականացուին ըստ մասնագիտութիւններու։
Եւրոմիութեան Խորհուրդը 2024-ի Յուլիս 22-ին Հայաստանի զինուած ուժերուն 10 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն հաստատած էր Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով։
Աջակցութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուէր տրամադրել շարժական վրանային ճամբար՝ գումարտակի չափի ստորաբաժանման համար։ Ծրագրին նպատակն էր զարգացնել Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթատեխնիկական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային ու արտակարգ իրավիճակներուն մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան։
2026-ի Յունուար 29-ին ԵՄ Խորհուրդը հաստատած էր եւս 20 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն։ Այն կը նախատեսէ նախորդ ծրագրով տրամադրուող վրանային ճամբարի ընդլայնում՝ մինչեւ գումարտակի չափի ստորաբաժանման կարիքներուն համապատասխան մակարդակ։

