Հայ հասարակութեան մէջ կը պահպանուի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ եւրասիական համարկման միաւորումներուն երկրի հետագայ մասնակցութեան պահանջը, քանի որ անոնք կու տան ճշգրիտ արդիւնքներ: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ եւրասիական կառոյցներու շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը Հայաստանին կու տայ իրական եւ շօշափելի առաւելությոիւններ՝ ի տարբերութիւն «դատարկ խոստումներու»։
«Հայ հասարակութեան մէջ կայ յստակ, լայն պահանջարկ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու յառաջադէմ զարգացման եւ Հայաստանի յետագայ մասնակցութեան եւրասիական համարկման կառոյցներուն, որոնք կը բերեն իրական, շօշափելի օգուտներ»,- ըսած է Զախարովա։

