«Կ’աջակցինք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն՝ Հայաստանի հետ վարած շփումներուն եւ կը յայտնենք, որ պիտի շարունակենք մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ներդրում ունենալ յանուն կայուն խաղաղութեան», այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան՝ Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին։
Թուրքիոյ նախագահին համոզմամբ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը տարածաշրջանի երկիրներուն հետ միասին նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ նաեւ թիւրքական աշխարհին համար։
«Մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները որեւէ կողմին օգուտ չեն բերեր, ընդհակառակը՝ ծանր հետեւանքներ կ’ունենան համաշխարհային տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթային շուկաներուն համար։ Մեր ցանկութիւնն է, որ վերջին շրջանին Իրանի հետ կրկին սրած լարուածութիւնը հանգուցալուծուի դիւանագիտական ճանապարհով», – յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը։
Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ընթացիկ նստաշրջանը տեղի կ’ունենայ թրքական հարկի տակ՝ Անքարայի մէջ։ Հոկտեմբեր 29-ին տեղի ունեցած է կազմակերպութեան արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը, որուն Հոկտեմբեր 30-ին յաջորդած է երկիրներու առաջնորդներուն հաւաքը։
Պայմանաւորուած Ատրպէյճան-Թուրքիա վերջին շրջանի դիւանագիտական լարուածութեամբ, այս անգամ Անքարա չէ մեկնած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Ատրպէյճանը կը ներկայացնէ արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

