Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Պաքուի մէջ փրոֆեսոր Ճեֆրի Սաքսի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացին։ Հաճիեւ խօսած է երկկողմ առեւտրային յարաբերութիւններու, հաղորդակցութիւններու զարգացման եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին։
Անոր խօսքով՝ Պաքուն խաղաղութեան գործընթացը կը դիտարկէ նաեւ Հարաւային Կովկասը համագործակցութեան հարթակի վերածելու առումով։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ նոյնպէս մենք մէկ կողմ կը թողենք պատմական անցեալը։ Կան դեռ չսպիացած վէրքեր եւ յիշողութիւններ, որոնց վրայ չենք կրնար աչք փակել։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ մենք կը նայինք դէպի ապագայ՝ դէպի յաւերժական խաղաղութիւն։ Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային յարաբերութիւնները արդէն սկսած են։ Մենք կը կառուցենք կապուղիներ եւ կը զարգացնենք հաղորդակցութիւնը»,- ըսած է Հաճիեւ։
Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը նշած է, որ Հայաստանին կ’առաջարկեն միանալ տարածաշրջանի հաղորդակցական ցանցին։
«Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է։ Մենք Հայաստանին կ’առաջարկենք դառնալ մեր տարածաշրջանի հաղորդակցական ցանցին միացած երկիր՝ անոր առաջարկելով կապուղիներու զարգացման տարբեր հնարաւորութիւններ»,- յայտնած է ան։
Ուժանիւթային համագործակցութեան մասին խօսելով ան յայտնած է, որ Ատրպէյճանը կը նախատեսէ յառաջիկայ տարիներուն աւելցնել վերականգնուող աղբիւրներէ ելեկտրուժի արտադրութեան հզօրութիւնները։ Անոր ներկայացմամբ՝ քանի մը տարուայ ընթացքին կը նախատեսուի ունենալ 2 կիկաուաթ յաւելեալ հզօրութիւն, իսկ հետագային՝ արտահանման համար պատրաստ 8 կիկաուաթ յաւելեալ հզօրութիւն։
Հաճիեւի խօսքով՝ Պաքուն այդ ծրագրերը կը դիտարկէ նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղաշինութեան լոյսին տակ։
«Հիմա պատերազմը աւարտած է, եւ մենք կը փորձենք ներկայացնել նաեւ խաղաղութեան հայեցակարգի տնտեսական օգուտները, ինչպէս նաեւ կանաչ ուժանիւթի հայեցակարգը՝ խաղաղութեան միաւորը։ Յոյսով ենք, որ կանաչ ուժանիւթը կը դառնայ այս ռազմավարութեան մասերէն մէկը, այդ շարքին՝ Կասպից ծովի երկայնքով»,- նշած է ան։

