Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ:
Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Իմ ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ 2026թ. Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ձեր ղեկավարած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առթիւ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ երրորդ անգամ կառավարութիւն ձեւաւորելու գործով: Ես լիովին հաւատացած եմ, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ համագործակցութեան ապահովման վերաբերեալ Ձեր ռազմավարական տեսլականը յաջողութեամբ աւարտին կը հասցուի»:

