Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուբինեան Ընդդիմութեան Կ’առաջարկէ Չխոչընդոտել Հանրաքուէն Եւ Գլխաւորել «Ոչ»-ի Շտաբը

Ռուբինեան Ընդդիմութեան Կ’առաջարկէ Չխոչընդոտել Հանրաքուէն Եւ Գլխաւորել «Ոչ»-ի Շտաբը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան կը կարծէ, թէ ընդդիմութիւնը պէտք չէ արգելափակէ նոր սահմանադրութեան նախագիծը, նոյնիսկ եթէ դէմ է անոր ընդունման։ Հոկտեմբեր 30-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ան ըսած է, որ ընդդիմութիւնը կրնայ քուէարկել նախագիծը հանրաքուէի դնելու օգտին, այնուհետեւ գլխաւորել «Ոչ»-ի շտաբը եւ ժողովուրդին ներկայացնել իր փաստարկները։ Ռուբինեան անդրադարձած է նաեւ նոր սահմանադրութեան շուրջ հնարաւոր քաղաքական բեմագրերուն եւ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին։

Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան չի համարեր, որ նոր սահմանադրութեան ընդունման հարցով իշխանութիւնը փակուղիի մէջ յայտնուած է։ Անոր խօսքով՝ տարբեր բեմագրեր կը քննարկուին, թէեւ այս պահուն յստակ պատկերացում դեռ չկայ։

«Եթէ փակուղային լինէր, մենք ինչպէ՞ս էինք այս խօսակցութիւնն ունենում։ Եթէ այս խօսակցութիւնն ունենում ենք, ուրեմն փակուղային չէ։ Որոշ բեմագրեր քննարկւում են, բայց յստակ պատկերացում դեռ չկայ։ Փակուղին այն է, երբ այլեւս ոչ մի բեմագիր չի քննարկւում։ Եթէ բեմագրեր են քննարկւում, ուրեմն փակուղի չէ»,- լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ռուբինեան։

«Հայաստանում ոչ ոք չի պատրաստւում ընդունել Ալիեւեան սահմանադրութիւն։ Հայաստանում առաջարկ կայ՝ ընդունել նոր սահմանադրութիւն, որը կը լինի հայկական սահմանադրութիւն՝ քուէարկուած Հայաստանի ժողովրդի կողմից։
Հայաստանի ժողովուրդը չի կարող քուէարկել մի սահմանադրութեան օգտին, որն իրենը չէ, որովհետեւ հէնց ինքը քուէարկեց եւ ասաց՝ այո՛, այդ սահմանադրութիւնն իրենն է»,- նշած է Ռուբինեան։

Անոր խօսքով՝ ընդդիմութիւնը դեռ չէ տեսած նոր սահմանադրութեան բնագիրը, հետեւաբար չի կրնար զայն նախապէս գնահատել։

Ռուբինեան նաեւ պնդած է, որ նոր սահմանադրութիւնը գրուած է զերոյէն, եւ այդ պատճառով հնարաւոր չէ անկէ հանել Անկախութեան հռչակագիրը կամ անոր յղումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment