«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Նազելի Բաղդասարեան Ազգային Ժողովին մէջ Հոկտեմբեր 29-ին տեղի ունեցած ծեծկռտուքի ընթացքին հայհոյանքներ հնչեցուցած տղամարդ պատգամաւորներուն կոչ ըրած է խորհրդարանի ամպիոնէն ներողութիւն խնդրելու դահլիճին մէջ ներկայ կիներէն՝ ընդգծելով, որ իր խօսքը կը վերաբերի թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն։
Ազգային Ժողովին մէջ ելոյթի ընթացքին Բաղդասարեան նշած է, որ միջադէպէն յետոյ պատգամաւորները ներողութիւն խնդրած են հանրութենէն եւ ընտրողներէն, սակայն առանձին չեն անդրադարձած դահլիճին մէջ ներկայ կիներուն։
«Հիմա ես ուզում եմ խօսքով դիմել բոլոր տղամարդկանց․ այստեղ քաղաքական հայեացքները բնաւ կապ չունեն։ Կարո՞ղ էք ունենալ այդ պատրաստակամութիւնը՝ գալ Ազգային Ժողովի ամպիոնից ներողութիւն խնդրել դահլիճում ներկայ կանանցից։ Ես հեռու եմ այն մտայնութիւնից, որ դուք տանը՝ ձեր կանանց, երեխաների, ծնողների ներկայութեամբ այդ բառամթերքով խօսում էք»,- ըսած է Բաղդասարեան։
Ելոյթի ընթացքին ան նաեւ առաջարկած է քննարկել ընտրական ցուցակներուն մէջ կանանց ներկայացուածութիւնը աւելցնելու հնարաւորութիւնը՝ նշելով, որ, իր դիտարկմամբ, միջադէպին ժամանակ կանայք աւելի զուսպ եղած են։
Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցածին հետեւանքներուն մասին խօսելով՝ Բաղդասարեան նշած է, որ այն յաղթանակ չի համարեր կողմերէն որեւէ մէկուն համար։
«Չյաղթեց ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ իշխանութիւնը։ Այստեղ պարտուեց հայ ժողովուրդը, որովհետեւ այն ամէնը, ինչին մենք ականատես եղանք, խայտառակութիւն է»,- յայտնած է ան։
Եզրափակելով ելոյթը՝ Բաղդասարեան կրկնած է կին գործընկերներէն ներողութիւն խնդրելու առաջարկը։
«Իմ առաջարկը մնում է բաց, յարգելի՛ տղամարդիկ․ ունեցէք այդ կամքը՝ Ազգային Ժողովի ամպիոնից ներողութիւն հայցելու ձեր կին գործընկերներից»,- ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 29-ին Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցած էր իշխանական եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն միջեւ։ ՀՀ ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդմիջում յայտարարած ու անվտանգութեան աշխատակիցները նիստերու դահլիճ հրաւիրած էր, սակայն անկէ յետոյ ծեծկռտուքը շարունակուած էր նիստերի դահլիճին կից միջանցքին մէջ։

