««Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համարով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանը թաքցրել է օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու կամ ունեցած լինելու մասին տեղեկութիւնը»,- այս մասին յայտարարած է Քննչական Կոմիտէն։ Նարեկ Կարապետեանն ալ ֆէյսպուքեան իր էջով յայտնած է, որ բացի ՀՀ քաղաքացիութենէն երբեք չէ ունեցած այլ երկրի քաղաքացիութիւն։
«Կարապետեան Նարեկը չունենալ այլ քաղաքացիութիւն. Նարեկ լինել միայն Հայաստանի քաղաքացի: Փաշինեանը շեղել ժողովրդին իր գժութիւններից»,- գրած է Կարապետեանը:
Նախընտրական քարոզարշաւէն 12 օր անց Քննչական Կոմիտէն ՆԳՆ ոստիկանութենէն ստացուած առերեւոյթ յանցանքի մասին հաղորդման հիման վրայ յայտարարած է, որ 2026-ի Յունիսի 7-ին Ազգային Ժողովի հերթական ընտրութիւններուն «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համարով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանը, նախազգուշացուած ըլլալով կեղծ տեղեկութիւններ յայտնելու պարագային օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատուութեան մասին, դիտաւորութեամբ թաքցուցած է օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու կամ ունեցած ըլլալու մասին տեղեկութիւնը, այն է՝ ՆԳՆ Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն ներկայացուցած է այլ պետութեան քաղաքացի չըլլալու մասին բովանդակութեամբ կեղծ դիմում՝ այդ կերպ թաքցնելով պաշտօնատար անձի կարգավիճակ ձեռք բերելուն խոչընդոտող՝ օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու մասին տեղեկութիւնը:
«Հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 449-րդ յօդուածի 1-ին մասով (պաշտօնատար անձի կարգավիճակ ձեռք բերելուն կամ պահպանելուն խոչընդոտող տեղեկութիւնները թաքցնելը)»,- յայտնած են ՔԿ-էն:
Հաղորդումը, որուն հիման վրայ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է, չի յստակացներ՝ Կարապետեանը ունի՞, թէ՞ ունեցած է այլ երկրի քաղաքացիութիւն։
«Սիվիլնեթ»-ը փորձեց մանրամասնութիւններ ճշդել կոմիտէէն, սակայն կառոյցէն յայտնեցին, որ նախաքննութիւն կ’ընթանայ, այլ մեկնաբանութիւն չեն ըրած։
Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան նախորդած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի յայտարարութիւնը, ուր կը նշուէր, որ յանձնաժողովը ստուգած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակի առաջին համարի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանի՝ միայն ՀՀ քաղաքացի ըլլալու վերաբերեալ փաստաթուղթերը թեկնածուները գրանցելու ընթացքին։ ԿԸՅ-ն ենթադրեալ խախտման մասին որեւէ բան չի նշեր, այլապէս, ըստ օրէնքի՝ յանձնաժողովը կը մերժէր գրանցել Նարեկ Կարապետեանի թեկնածութիւնը։

