Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Արարատցեմենտ»-ի Մասնաւորեցման Փաստով Քրէական Վարոյթ Նախաձեռնուած Է

«Արարատցեմենտ»-ի Մասնաւորեցման Փաստով Քրէական Վարոյթ Նախաձեռնուած Է

by MassisPost

«Արարատցեմենտ» ընկերութեան 2002-ի մասնաւորեցման գործընթացին մէջ յայտնաբերուած խախտումներու փաստով Մայիս 7-ին նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ պաշտօնի լիազօրութիւններու չարաշահման եւ առանձնապէս մեծ չափերով փողերու լուացման յատկանիշերով: Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։

Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ գերատեսչութիւնը ուսումնասիրած է կառավարութեան 2002-ի Սեպտեմբեր 12-ին օտարուած՝ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան մասնաւորեցման գործընթացը:

«Ուսումնասիրութեամբ ձեռք բերուած առերեւոյթ յանցագործութեան յատկանիշներ պարունակող փաստերի կապակցութեամբ դատախազը 2026-ի Մայիսի 5-ին յանցանքի մասին հաղորդում է ներկայացրել Հակափտածութեան կոմիտէ։ Հաղորդման հիման վրայ Մայիսի 7-ին նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտի (պաշտօնատար անձի կողմից իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը չարաշահելը կամ լիազօրութիւններն անցնելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է այլ ծանր հետեւանք) (2 դրուագ) եւ 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտի (առանձնապէս խոշոր չափերով փողերի լուացումը) յատկանիշներով»,- ըսուած է Դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդման հիմքին մէջ, ի թիւս այլ յայտնաբերուած խախտումներու, ներառուած են մասնաւորեցման գործընթացի հետ կապուած շարք մը հանգամանքներ, մասնաւորապէս.

Կառավարութեան 2001-ի Յուլիս 31-ի թիւ 690 որոշմամբ ձեւաւորուած է մրցութային յանձնաժողով՝ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան՝ պետական սեփականութիւն հանդիսացող բաժնետոմսերը մրցոյթով մասնաւորեցնելու նպատակով:

Գնման առաջարկ ներկայացուած է «Holcim LTD» զուիցերիական եւ «SK.Ajikawo Group» անգլիական կազմակերպութիւններու կողմէ:

2001-ի Սեպտեմբեր 26-ին կայացած մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է «Holcim LTD» զուիցերիական կազմակերպութիւնը, սակայն 2001-ի Հոկտեմբեր 22-ին վերջինս Պետական գոյքի կառավարման նախարարին հասցէագրած գրութեամբ յայտնած է, որ կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդը առանց պատճառաբանութիւններու մերժած է ներդրումային ծրագիրը:

Կառավարութեան 2002-ի Սեպտեմբեր 12-ի թիւ 1465-Ա որոշմամբ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան՝ պետական սեփականութիւն հանդիսացող 317,003 բաժնետոմսերը՝ իւրաքանչիւրը 10.000 դրամ անուանական արժէքով, ուղղակի վաճառքով մասնաւորեցուած են «Ռոպերթօ» պելճիքական կազմակերպութեան: Նոյն որոշման 2-րդ կէտով՝ մասնաւորեցուող բաժնետոմսերու գին սահմանուած է 200.000 տոլարը:

«Ռոպերթօ» ընկերութեան հիմնադիրները, սակայն, եղած են ՀՀ քաղաքացիներ Ազատ, Ռոպերթ եւ Ռոման Մուրատեանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բաժնեմասը կազմած է 250.000 պելճիքական ֆրանք (այն ժամանակ եւրօն դեռ գործածութեան մէջ չէր): Այսինքն՝ ընկերութեան ընդհանուր դրամագլուխը եղած է 750,000 ֆրանք (հաւասար է 18.592 եւրոյի):

«Ռոպերթօ» ընկերութեան կառավարիչ նշանակուած է Վահագն Գուլոյեանը, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի խնամիին՝ նախկին պատգամաւոր Մուրատ Գուլոյեանի կրտսեր եղբայրն է, Ծառուկեանի փեսային՝ Կոտայքի նախկին մարզպետ Կարապետ Գուլոյեանի հօրեղբայրը:

«Արարատցեմենտ» ընկերութիւնը մասնաւորեցնելու՝ կառավարութեան որոշումէն 6 ամիս անց՝ 2003-ի Մարտ 23-ին, «Ռոպերթօ» ընկերութեան ժողովը որոշած է ընկերութեան միանձնեայ կառավարիչ նշանակել Գագիկ Ծառուկեանը՝ առանց ժամկէտի սահմանափակման:

2003-ի Յունիս 26-ին Պրիւքսէլի դատարանը յայտարարած է «Ռոպերթօ» ընկերութեան լուծարման գործընթացի մասին, որ աւարտած է 5 տարի անց՝ 2008-ի Դեկտեմբեր 18-ին:

Վարոյթի քննութեան զուգահեռ՝ Դատախազութիւնը շարունակած է իրականացնել պետական շահերու պաշտպանութեան լիազօրութենէն բխող իր գործառոյթները, այդ շարքին՝ 2026-ի Մայիս 5-ին գրութիւն հասցէագրած է  կառավարութիւն՝ առաջարկելով քննարկել ընկերութեան մէջ առկայ խախտումները եւ անոնց հետեւանքները վերացնելու նպատակով պատշաճ վարչարարութիւն իրականացնելու, այդ շարքին, օրինակ, ընկերութեան մէջ ժամանակաւոր կառավարիչ նշանակելու նպատակայարմարութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment