Մայիս 19-ին, Կիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ ժամը 18:30-էն մեկնարկած էր «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքը:
«Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորում»-ը օդային նկարահանման միջոցով իրականացուցած է հանրահաւաքի մասնակիցներու հաշուարկ, որուն արդիւնքով պարզուած է, որ ժամը 19:12-ի դրութեամբ հրապարակին վրայ եւ յարակից տարածքներուն մէջ գտնուած է շուրջ 970 մարդ:
ԻՔՄ-էն յայտնած են, որ հաշուարկը իրականացուած է մասնակիցներու անհատական հաշուարկի միջոցով։

