Ներքին գործերու նախարար, ՀՀ-ԵՄ վիզաներու ազատականացման հարցով Հայաստանի գլխաւոր բանակցող Արփինէ Սարգսեան ընդունած է Եւրոպական Յանձնաժողովի Գաղթի եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննես Լուխները։
Քննարկուած են վիզաներու ազատականացման գործընթացի շրջանակին մէջ կատարուած աշխատանքները։ Կարեւորուած է, որ Հայաստանը գնահատուած է որպէս առաջանցիկ փուլի մէջ գտնուող երկիր փաստաթուղթերու անվտանգութեան, սահմաններու կառավարման, գաղթի եւ ապաստանի ոլորտներուն մէջ։
Մատնանշուած է նաեւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայենի դիտարկումը, ըստ որուն՝ ԵՄ-ՀՀ վիզաներու ազատականացման գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Եւրոպական Միութեան համար․ համատեղ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ հնարաւոր է հասնիլ ակնկալուող արդիւնքի։
Քննարկուած են նաեւ առանձին ուղղութիւններով կատարուելիք աշխատանքները, որոնց շրջանակին մէջ կողմերը կարեւորած են սահմանուած հենանիշերու լիարժէք իրականացումն ու գործընթացի հետեւողական յառաջխաղացումը։
Կողմերը վերահաստատած են համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը։

