Ըստ ռուսական «The Insider»-ի հրապարակման Սամուէլ Կարապետեանը 1999-ին Կալուգայի մէջ իր ստացած արտասահմանեան անձնագրի տուեալներու կեդրոնին մէջ աշխատանքի վայրը նշուած է՝ FSB («Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տեղեկատուական կեդրոն»)։ FSB-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր ներքին անվտանգութեան գործակալութիւնը եւ խորհրդային դարաշրջանի KGB-ի հիմնական իրաւայաջորդը։ Այն պատասխանատու է հակահետախուզութեան, ներքին անվտանգութեան, հակաահաբեկչական գործունէութեան, սահմանային վերահսկողութեան եւ Ռուսաստանի ներսը հսկողութեան համար։
«The Insider»-ը գրած է․ «1999-ին Սամուէլ Կարապետեանը Կալուգայի մէջ արտասահմանեան անցագիր ստացած է, եւ, համաձայն արտահոսած տուեալներու, անոր անցագրային գործին մէջ «աշխատավայր» սիւնակին մէջ Ներքին գործերու նախարարութեան կողմէ կատարուած նշում կայ՝ «Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տեղեկատուական կեդրոն»: Այս նշումը կը նշանակէ, որ քաղաքացին ստուգելու պարագային անհրաժեշտ է նախ դիմել Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւն: Ինչպէս խմբագրութեան բացատրած է ՆԳՆ աշխատակիցը, սովորաբար այդպէս կը նշուին գաղտնի գործակալները, կամ ալ այն օտարերկրացիները, որոնք կ’աշխատին Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան վերահսկողութեան ներքոյ»։
«Մայիս 19-ին դատարանի բակին մէջ լրագրողի հարցումին ի պատասխան՝ Սամուէլ Կարապետեանը ըսած է, որ ատիկա «Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքին գործն է»։
«Միայն Նիկոլ Փաշինեանը FSB-ի հետ կապ ունի»,- ըսած է Կարապետեան՝ յաւելելով, որ ծանօթ չէ հրապարակման։ Լրագրողին յորդորած է ինքնուրոյն մեկնաբանել զայն։ Կարապետեան նաեւ ընդգծած է, որ ինքը 1993-1994-ին ստացած է ռուսական անցագիր։

