«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ հանդիպած են Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի բնակիչներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցած է կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու, ՀՀ նախկին վարչապետ, Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Արամ Սարգսեանը։
Ան նշած է, որ իրենք յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելով՝ իշխանափոխութեան նպատակ չեն դներ, այլ կ’ուզեն երթալ խորհրդարան՝ որպէս իրական ընդդիմութիւն։
«Մենք գնում ենք ԱԺ-ում չաշխատող, ծոյլ, ամէն օր վէճեր սարքող, հայհոյանք թափող, օրական անվստահութեան գործընթաց ու միթինկ հրահրող անօգտակար ընդդիմութեանը փոխարինելու»,- ըսած է ան:

