Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի ԱԺ Ընտրութիւններուն ԱՊՀ-ն ՀՀ Պիտի Գործուղէ Ընդհանուր Թիւով 120 Դիտորդ

Հայաստանի ԱԺ Ընտրութիւններուն ԱՊՀ-ն ՀՀ Պիտի Գործուղէ Ընդհանուր Թիւով 120 Դիտորդ

by MassisPost

ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, ԱՊՀ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Նուրլան Մուսաթաեւիչ Սեյթիմովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիս 18-ին հիւրընկալուած է ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին մէջ։

Հայաստանի ԱԺ հերթական ընտրութիւններուն ԱՊՀ-ն ՀՀ պիտի գործուղէ ընդհանուր թիւով 120 դիտորդ։

Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան ողջունած է դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները եւ ներկայացուցած է ընտրութիւններուն ընդառաջ ԿԸՀ նախապատրաստական աշխատանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment