Ռուսաստանը ըմբռնմամբ կը մօտենայ իւրաքանչիւր ընտրութեան, որ կը կատարէ հայ ժողովուրդը։ Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ պատասխանելով Արեւմուտքի հետ Հայաստանի մերձեցման մասին հարցումին։
«Իհարկէ, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ ըսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, մենք ըմբռնմամբ կը մօտենանք իւրաքանչիւր ընտրութեան, որ կը կատարէ հայ ժողովուրդը»,- ըսած է ՌԴ փոխվարչապետը։
Օվերչուք նաեւ նշած է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ինչ-որ փուլի ստիպուած պիտի ըլլայ ընտրութիւն կատարելու Եւրոմիութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ։
«Հայաստանի մէջ կը խօսին Եւրոմիութեան հետ մերձենալու ձգտումին մասին։ Մենք բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ու Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը անհամատեղելի են։ Հայաստանի մէջ նոյնպէս այդ շատ լաւ կը հասկնան, երկրի ղեկավարութիւնն ալ այդ մասին կը խօսի, որ անոնք անհամատեղելի են։ Ինչ-որ փուլի անոնք ստիպուած պիտի ըլլան այդ ընտրութիւնը կատարելու, եթէ որոշեն, որ պէտք է ընեն այդ ընտրութիւնը»,- ընդգծած է Ալեքսէյ Օվերչուք։
ՌԴ փոխվարչապետը նաեւ ըսած է, որ Հայաստանը Ռուսաստանին դաշնակից պետութիւն է, երկու երկիրները կը միաւորեն խոր եւ երկարատեւ բարեկամական կապերը։
«Մոսկուան մեծ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Հայաստանը մեզի համար շատ մտերիմ, դաշնակից երկիր է։ Այն Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ է։ Պարզապէս մարդկային կապերը, որոնք մեզ կը միաւորեն, շատ խոր են, շատ լուրջ են»,- նշած է Օվերչուք։

