Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանն Ու Հայաստանը Կը Պահպանեն Դաշնակցային Յարաբերութիւններ, Սակայն Անոնք Կը Մնան Բարդ․ Լաւրով

Ռուսաստանն Ու Հայաստանը Կը Պահպանեն Դաշնակցային Յարաբերութիւններ, Սակայն Անոնք Կը Մնան Բարդ․ Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանն ու Հայաստանը կը պահպանեն մօտ դաշնակցային յարաբերութիւններ, սակայն անոնք կը մնան բարդ՝ Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանի վրայ ազդեցութիւնը ուժեղացնելու եւ երկիրը սեփական շահերուն ենթարկեցնելու փորձերու լոյսին տակ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Ռուսաստանեան գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքով՝ թէեւ Մոսկուան կը յարգէ իր գործընկերներու որեւէ ընտրութիւն, սակայն Երեւանը պէտք է յստակ գիտակցի, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները հնարաւոր չէ պահպանել, եթէ Հայաստանը ընտրէ Եւրոպական Միութեանըմիանալու ճանապարհը։

«Մենք կը յարգենք մեր հայ ընկերներու որեւէ ընտրութիւն, բայց պէտք է հասկնանք, որ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ պարտաւորութիւնները չեն կրնար պահպանուիլ, եթէ Հայաստանը, ինչպէս յայտարարուած է, ընտրէ ԵՄ-ին միանալու ուղին»,- նշած է նախարարը։

Լաւրով շեշտած է, որ առեւտրային տարբեր կարգերու եւ այլ փոխբացառող պայմանաւորուածութիւններու պատճառով երկու կառոյցներուն միաժամանակեայ մասնակցութիւնը տնտեսական տեսանկիւնէ պարզապէս անհնար է։

Այս դիրքորոշումը կը վերահաստատէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի աւելի վաղ հնչեցուցած նախազգուշացումները առ այն, որ Հայաստանը պէտք է վերջնականապէս կողմնորոշուի իր արտաքին քաղաքական ուղղութեան հարցով։ Մայիս 9-ին ՌԴ նախագահը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նշած էր, որ Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ՝ մնա՞լ ԵԱՏՄ-ի, թէ՞ քաղաքակիրթ ձեւով ապահարզան պահանջել եւ երթալ ԵՄ։

Արձագանգելով Փութինի յայտարարութեան, վարչապետ Փաշինեան Մայիս 11-ին յայտարարած է, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու առարկայական անհրաժեշտութիւնը չկայ։  Փաշինեանի խօսքով՝ իրենք յարգանքով կը  վերաբերին ԵԱՏՄ գործընկերներուն, եւ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի մասնակցութեան։ Ան շեշտած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն, որուն առանցքային սկզբունքներէն մէկը յարգանքի եւ փոխադարձ շահերու ճանաչման վրայ հիմնուած յարաբերութիւններն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment