Հայաստանը պիտի չվերածուի ծայրագաւառի եւ պիտի շարունակէ բարձրացնել իր ինքնիշխանութեան մակարդակը, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը՝ արձագանգելով Պելառուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան յղած բողոքագրին եւ ընդգծելով, որ Պելառուսիոյ կառավարման ձեւը անընդունելի է պաշտօնական Երեւանի համար։
«Հայաստանը ծայրագաւառ չի լինելու, Հայաստանը քաղաքական կախուածութեան մէջ չի լինելու, Հայաստանը իր ինքնիշխանութեան մակարդակը քաղաքական եւ բոլոր առումներով բարձրացնելու է, եւ Պելառուսի կառավարման օրինակն իմ երկրի համար, ինձ համար անընդունելի է։ Հայաստանը ազատ երկիր է, իր ազատ լրատուամիջոցներով, մարդու իրաւունքներով եւ օրէնքի գերակայությամբ»,- ըսած է Սիմոնեան։
Պելառուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է․ «Գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արթուր Սարգսեանին խիստ բողոքագիր յղուած է հայկական կողմի վերջին ոչ-բարեկամական գործողութիւններու առնչութեամբ»։ Մինսքէն չեն մանրամասնած, թէ որոնք են հայկական կողմի «ոչ-բարեկամական գործողութիւնները»։ Աւելի վաղ, Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնած էր, որ «Հայաստանը պէտք չէ դառնայ մարզ եւ կառավարուի այնպէս, ինչպէս Պելառուսիան»։
Լրագրողի հարցումին, թէ արդեօ՞ք Ալեն Սիմոնեան չի կարծեր, որ նման յայտարարութիւնները կրնան աւելի վատացնել Պելառուսիոյ հետ արդէն վատ յարաբերութիւնները, ԱԺ նախագահը նշած է․ «Ես կարծում եմ` Հայաստանի նկատմամբ, ՀԱՊԿ-ում գործընկերոջ նկատմամբ, Հայաստանի պետականութեան նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքն է վատացնում
յարաբերութիւնները, Ատրպէյճանի հետ 44-օրեայ պատերազմ նախապատրաստելն է վատացնում յարաբերութիւնները, եւ էլի, էլի ու շատ տարբեր բաներ են վատացնում յարաբերութիւնները։ Քաղաքական ընթացքն ամէն պետութեան ընտրութեան հարց է, Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարդու իրաւունքները, ազատութիւնները կարեւորագոյն արժէքներ են, եւ ես կարծում եմ, որ ամէն պետութիւն իր օրինակն է ընտրում։ Մենք ընտրել ենք Հայաստանի ժողովրդավարացման ճանապարհը, իրենք մի քիչ այլ ճանապարհ: Ոչ այնպիսին, ինչպիսին Հայաստանը»։

