Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը՝ Գեղասահքի Աշխարհի Ախոյեանութեան Լաւագոյն Տասնեակին Մէջ

Հայաստանը՝ Գեղասահքի Աշխարհի Ախոյեանութեան Լաւագոյն Տասնեակին Մէջ

by MassisPost

Փրակի մէջ ընթացող Գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող Կարինա Ակոբովա-Նիքիթա Ռախմանին զոյգը զբաղեցուցած է 8-րդ հորիզոնականը՝ 190.46 միաւորով։

ՀՀ գեղասահքի ֆետերասիոնը կը յայտնէ, որ սա պատմական արդիւնք է Հայաստանի գեղասահքին մէջ։

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը ներկայացնող մարզական զոյգը կը յայտնուի Աշխարհի գեղասահքի ախոյեանութեան լաւագոյն տասնեակին մէջ։

Այս արդիւնքով անոնք ճանապարհ բացին յաջորդ Աշխարհի ախոյեանութեան եւս մէկ զոյգի մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նուաճեցին մեծահասակներու Աշխարհի բաժակի (Կրան-փրի) երկու ուղեգիր, որուն իրաւունքը կը շնորհուի միայն Միջազգային սահքի միութեան (ISU) կողմէ։

Մարզական զոյգերու մրցաշարքին ոսկէ մետալ նուաճեցին Գերմանիան, արծաթէ մետալ՝ Վրաստանը, իսկ պրոնզէ մետալ՝ Գանատան ներկայացնող զոյգերը։

Աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող միւս մարզիկը՝ մենասահորդ Սեմյոն Դանիլեանցը, սակայն, չէ որակաւորուած ազատ ծրագրի համար։ Կարճ ծրագրին մէջ ան զբաղեցուցած է 26-րդ տեղը 36 մասնակիցներու մէջ՝ վաստակելով 70,94 միաւոր։ Քանի որ ազատ ծրագրի փուլ կ’անցնին միայն լաւագոյն 24 գեղասահորդները, Սեմյոն Դանիլեանցը աւարտած է իր ելոյթը կարճ ծրագրէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment