Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ Յայտնաբերուած Են Մեծաքանակ Հրազէններ, Մարտական Ատրճանակներ, Գնդացիր, Նռնակներ Ու Փամփուշտներ

Երեւանի Մէջ Յայտնաբերուած Են Մեծաքանակ Հրազէններ, Մարտական Ատրճանակներ, Գնդացիր, Նռնակներ Ու Փամփուշտներ

by MassisPost

Մարտ 13-ին հերթական զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման դէպքը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութեան քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան մէջ տեղեկութիւններ ստացուած են, որ 44-օրեայ պատերազմի մասնակիցը իր մօտ մեծ քանակի զէնք-զինամթերք կը պահէ. ոստիկաններուն կատարած բացատրական աշխատանքը այդ քաղաքացիին հետ արդիւնք տուած է:

Կարճ ժամանակ անց այդ քաղաքացին զանգահարած է ոստիկանութիւն եւ յայտնած, որ Երեւան քաղաքի Արցախի 3 նրբանցքի հասցէներէն մէկուն մէջզէնք-զինամթերք թողած է:

Տhamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ դէպքի վայր մեկնած են Երեւանի քրէական ոստիկանութեան ծառայողները, ուր կատարուած որոնողական աշխատանքներու բերումով յայտնաբերած են զայն։

Նոյն օրը նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ Արցախի 4 նրբ․ 4/3 հասցէին դիմաց գտնուող կիսակառոյց շինութեան դիմացի հատուածին մէջ կատարուած զննութեամբ յայտնաբերուած են 15 հատ ինքնաձիգ, 1 հատ ինքնաշէն ինքնաձիգ, 6 հատ մարտական ատրճանակ, 1 հատ գնդացիր (ԱԳՍ), 7 հատ ինքնաձիգի պահեստատուփ, 3 հատ նռնակ եւ 510 հատ տարբեր տրամաչափերու փամփուշտներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment