Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պիտի Ուժեղացուի Սահմանով Տեղափոխուող Կանխիկ Դրամական Միջոցներու Վերահսկողութիւնը․ ՊԵԿ

Պիտի Ուժեղացուի Սահմանով Տեղափոխուող Կանխիկ Դրամական Միջոցներու Վերահսկողութիւնը․ ՊԵԿ

by MassisPost

Պիտի ուժեղացուի սահմանով տեղափոխուող կանխիկ դրամական միջոցներու նկատմամբ վերահսկողութիւնը՝ ֆինանսական թափանցիկութեան ապահովման եւ հնարաւոր իրաւախախտումներու կանխարգիլման նպատակով։

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէէն յայտնած են, որ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն ֆիզիքական անձերու կողմէ իրականացուած կանխիկ դրամական միջոցներու ներմուծման եւ արտահանման աւելի քան 450 դէպք արձանագրուած կամ յայտարարագրուած է՝ շուրջ 69 միլիոն տոլարին համարժէք գումարի չափով։ Անոնցմէ շուրջ 59,5 միլիոն տոլարի չափով կանխիկ դրամական միջոցները ներմուծուած են Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ շուրջ 9,5 միլիոն տոլարի չափով՝ արտահանուած է երկրէն։

Վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ կանխիկ դրամական միջոցներու զգալի մասը տեղափոխուած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ պետութիւններէ։

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ 10.000 տոլարը կամ անոր համարժէք գումարը գերազանցող եւ սահմանով տեղափոխուող կանխիկ դրամական միջոցները ենթակայ են յայտարարագրման:

Չնայած այն հանգամանքին, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակին մէջ կանխիկ դրամական միջոցներու ներմուծման եւ արտահանման մասով առանձին կարգաւորումներ սահմանուած չեն, այնուամենայնիւ, կանխիկ դրամական միջոցներու մեծածաւալ տեղափոխումը կը պարունակէ որոշակի վտանգներ, այդ շարքին՝ ստուերային շրջանառութեան, փողերու լուացման, ապօրինի ֆինանսական հոսքերու կամ այլ իրաւախախտումներու հնարաւորութեան հետ կապուած վտանգներ։

ՊԵԿ-ը քաղաքացիներուն կը յորդորէ՝ խուսափիլ խոշոր չափերու կանխիկ դրամական միջոցներու ֆիզիքական տեղափոխումէն եւ հնարաւորութեան պարագային օգտուիլ դրամատնային փոխանցումներէ, որոնք աւելի անվտանգ եւ թափանցիկ միջոցներ են՝ ֆինանսական գործարքներու իրականացման համար։

Անկախ տեղափոխման ուղղութենէն` Կոմիտէն պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն իրականացնել կանխիկ դրամական միջոցներու շրջանառութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը՝ նպաստելով ֆինանսական կարգապահութեան ամրապնդման եւ թափանցիկութեան բարձրացման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment