2025 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին աւելի շատ զբօսաշրջիկ այցելած է, քան նախորդ տարի։ Այս մասին յայտնած է Վիճակագրական Կոմիտէն։ Ըստ այդմ՝ հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ Հայաստան այցելած 1 միլիոն 734 հազար 247 զբօսաշրջիկ՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին այցելած 1 միլիոն 721 հազար 245 զբօսաշրջիկի դիմաց։
Ամենամեծ թիւով զբօսաշրջիկները այցելած են Ռուսաստանէն՝ 713 հազար 479 մարդ, Իրանէն՝ 138 հազար 10 մարդ, Վրաստանէն՝ 210 հազար 247 մարդ, Թուրքիայէն՝ 9 հազար 115, Ատրպէյճանէն՝ 3։ ԱՄՆ-էն Հայաստան այցելած է 50 հազար 599 մարդ, Չինաստանէն՝ 34 հազար 446 մարդ, Գերմանիայէն՝ 25 հազար 699 մարդ, Ուքրանիայէն՝ 20 հազար 171 մարդ, Հնդկաստանէն՝ 20 հազար 843։
Զբօսաշրջիկներ այցելած են նաեւ քանի մը տասնեակ այլ պետութիւններէ, մասնաւորապէս Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Լեհաստանէն, ինչպէս նաեւ Ճափոնէն, Յորդանանէն, Քորէայէն, Ֆիճիէն, Դանիայէն, Եգիպտոսէն, Պանկլատեշէն։

